Լրահոս
Մեկ բրոնզե մեդալ
Օրվա լրահոսը

Գոհաբանական Աղօթք` Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30 ամեակին առիթով

Հունիս 15,2025 21:42

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30 ամեակին առիթով, Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ Գոհաբանական Աղօթք (Հայրապետական Մաղթանք)։ Պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Կիլիկեան աշխարհացրիւ թեմերու թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրերը, մեր Սուրբ Աթոռի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, թեմերու ազգային իշխանութիւններու, կուսակցութիւններու, բարեսիրական ու մշակութային միութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Ալէքքօ Պէզիքեան, զաւակը ու թոռը՝ Զարեհ ու Անի Պէզիքեաններ։

Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, «Տէրունական Աղօթք»էն անմիջապէս առաջ, Սուրբ Խորան բարձրացան Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան եպիսկոպոսաց դասէն խումբ մը միաբան հայրեր, գլխաւորութեամբ Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։ Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած մեր շնորհազարդ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի առողջութեան, արեւշատութեան եւ բեղուն ծառայութեան համար։ Յիշեալ արարողութեան յաջորդեց պատարագիչ Շահան արքեպիսկոպոսի յաւուր պատշաճի քարոզը։

«Տիրոջ ապաւինողները իրենց ոյժերը պիտի վերանորոգեն։ Անոնք արծիւներու պէս թեւ ու թիկունք պիտի ունենան, պիտի վազեն առանց թոյլնալու, պիտի քալեն առանց յոգնելու» (40.31) Եսայի մարգարէի խօսքերը սրբազան հօր քարոզախօսութեան առանցքը հանդիսացան։ Ան ցնծութեամբ ողջունեց բոլորը՝ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալի հաւատքի առաքելութեան եւ առաքելական ծառայութեան 30 բեղուն տարիներուն առիթով. ուստի, ան շնորհաւորեց Հայրապետը՝ յանուն Կիլիկեան Միաբանութեան եւ մեր թեմերու ժողովրդեան։

Անդրադառնալով օրուան բնաբանին՝ Շահան սրբազան յայտնեց, որ բոլորս, մանաւանդ պատասխանատուութեան ամենաբարձր դիրքերու վրայ գտնուող ծառաները՝ Տիրոջ խորանին սպասարկողները, հրաւիրուած ենք մեր յոյսն ու վստահութիւնը Տիրոջ վրայ դնելու՝ առանց յոգնելու, ընկրկելու ու վախնալու, պատրաստուելով այն ճանապարհին, որուն մէջէն մեր ժողովուրդը պիտի քալէ դէպի լոյս։ «Արդարեւ, 30 տարի առաջ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր հայրապետական ուխտը կատարած ատեն, անդրանիկ Պատարագի ընթացքին, յայտարարեց, թէ Տիրոջ կը վստահի եւ Ան է, որ իրեն ճանապարհը ցոյց կու տայ, եւ 30 տարի ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ իրագործումներով պայծառացաւ մեր կեանքի մթագնեալ, երբեմն տխուր վերիվայրումներու մէջ, հորիզոնի վրայ Տիրոջ լոյսին ներքեւ լուսաւոր կերպարը հայոց Հայրապետին», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով մարդուս կեանքի տարիներու 30 տարիքին, քարոզիչ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ նոյնքան երիտասարդ է Հայրապետին գնացքը այսօր, որքան երբ առաջին անգամ ընթացք առաւ իբրեւ կաթողիկոս։ Այս առումով, ան ընդգծեց Հայրապետին Արամեան Դպրոց ըլլալը, երեք բառերով ներկայացանելով՝ տեսիլքի ու ծրագիրներու մարդ, առաջնահերթութիւնները ճանչցող անձնաւորութիւն եւ իր խօսքը գործի վերածող իրագործումներու մարդ։ Ան դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 տարիները ունեցան իրենց մարտահրաւէրները, այսուհանդերձ ան, Տիրոջ օրհնութեամբ մնաց վճռորոշ եւ ունեցաւ իր խօսքը, որ թարգմանեց գործով։ Նորին Սրբութիւնը հակառակ մարմնեղէն տարիքի տարբերութեան, 30 տարեկան երիտասարդի խանդով, աւիւնով, ուժականութեամբ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը, ընդգծեց սրբազան հայրը։ Ապա, ան օրինակներ բերելով Յովսէփ գեղեցիկն ու Դաւիթ մարգարէն, որոնք իրենց 30 տարեկանին ստանձնեցին առաջնորդի ղեկը, ըսաւ. «այս բաները կը յիշեմ, Վեհափա՛ռ Տէր,– գիտեմ՝ լաւապէս կը ճանչնաք Աստուածաշունչը եւ անոր մէջ գտնուող Աստուածային խորհուրդները,– Ձեզ խրախուսելու՝ ինչպէս մեզ կը խրախուսէ, Ձեզ քաջալերելու, մեր Միաբանութիւնը Ձեր շուրջը ըլլալու, մեր ազգային կառոյցներու, ազգային ժողովականութեան, բարերարներու, բարեկամներու, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, Ձեզի հետ ըլլալու եւ Ձեզի երիտասարդացնելու համար։ Դուք մի՛շտ երիտասարդ էք։ Նայեցէ՛ք Ձեր չորս կողմը, երիտասարդացուցիք մեր Սուրբ Աթոռը։ Միշտ երիտասարդ մնաք», մաղթեց Շահան արքեպիկոպոս՝ շարունակելով. «հոգեկան գոհունակութիւնը ունինք որդիաբար գալու, Տիրոջ ներկայութեան երկինք նայելու եւ խնդրելու Ամենակալէն, որ Ձեր կեանքի օրերը ո՛չ միայն թուաքանակով, այլ նաեւ Իր առատութեամբ տայ, քանի որ Դուք ստացաք շնորհքները եւ բազմապատեցիք զանոնք, եւ Տէրունական խօսքը կ՚ըսէ՝ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի» (Ղկ 19.26), եւ Տէրը Ձեզի աւելիով տուաւ, որպէսզի Դուք նշխարի նման բաշխուիք մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ ու չսպառիք»։

Վերջապէս, քարոզիչ Շահան արքեպիսկոպոս եզրափակեց իր խօսքը. «Վեհափառ Տէր, Սուրբ Խորանէն այս բառերը թող որ ընդունելի ըլլան որպէս երկնային օրհնութիւն։ Թող Տէրը զօրացնէ Ձեզի։ Տիւ ու գիշեր կ՚աղօթենք Ձեզի եւ Ձեր ճամբով մեր եկեղեցւոյ անսասանութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յառաջատեսիլ ընթացքին եւ Ձեր ծրագիրներու իրականացման համար։ Թող Տէրը օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Ձեզ եւ այս Սուրբ Աթոռը, հիմա եւ յաւիտեանս. ամէն»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաները Վեհափառ Կաթողիկոսին ձօնուած փունջ մը երգերով շրնորհաւորեց անոր գահակալութեան 30 ամեակը։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30