Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը հրապարակեց հետեւեալ դատապարտագիրը.
Խստիւ կը դատապարտէ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Եղիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, որ կիրակնօրեայ աղօթքի ընթացքին խլեց բազմաթիւ հաւատացեալներու կեանքեր եւ տասնեակներ վիրաւորուեցան։ Այս նողկալի յարձակումը, որ ուղղուած էր հաւատացեալներուն, կրկին կը բացայայտէ ահաբեկչութեան մութ դէմքը, որ չի տարբերեր համայնք կամ եկեղեցի եւ կը ձգտի ապակայունացնել շրջանը եւ խաթարել դարեր շարունակ սուրիացիները բնորոշող խաղաղ գոյակցութեան ոգին։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը, ի դէմս թեմի առաջնորդ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ նահատակներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ պաշտպանելու Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը ամէն չարիքէ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Կարդացեք նաև