Պատրիարքական Աթոռս անհրաժեշտ նկատած է հանդէս գալ սոյն յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայարգ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Իսթանպուլ վերջին այցելութեան զուգահեռ ստեղծուած արձագանգներու պայմաններուն ներքեւ։
Իրականութեան մէջ, դժուար է հասկնալ այժմ շրջանառութեան մէջ մտած շարք մը պնդումներն ու վերագրումները։ Արդարեւ, կարգ մը շրջանակներ կը յամառին չհասկնալ՝ մեր կողմէ ազատ կամքով դրսեւորուած պարզ ու հիմնական հակազդեցութիւնը, որուն պատճառները բացայայտ են բոլոր անոնց համար, որոնք ընթացիկ օրակարգին կը հետեւին։ Անոնց որդեգրած յամառ կեցուածքը կը ձգտի արհեստական բանավէճ մը հրահրել՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ խնդիրներու աղաւաղեալ մատուցմամբ։
Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը պատկանի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հօտին։ Լուսաւորչահաստատ մեր Մայր Եկեղեցին ունի պատմական եւ մշակութային խոր արմատներ։ Հայոց եկեղեցին, կրօնական հաստատութիւն մը ըլլալու առընթեր, կարեւոր դեր ստանձնած է հայեցի ինքնութեան կազմաւորման եւ յարատեւութեան համար։
Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայարգ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին շրջանին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ կ՚ունենայ ելոյթներ, որոնց մէջ կը նախընտրէ օգտագործել հայհոյախառն լեզու մը եւ գրգրիչ ոճ մը։ Աւելի՛ն, ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հասցէագրուած պարսաւանքները կը թիրախաւորեն թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ թէ՛ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի խիղճը, պատմական սրբութիւնները, ինչ որ խորապէս կը վիրաւորէ մեր եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները, որոնք մկրտուած են նոյն աւազանէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն բաշխուած Սրբալոյս Միւռոնով։
Կարդացեք նաև
Եկեղեցին՝ որպէս հաստատութիւն կշտամբելու ուղղեալ արշաւը անդրանցած է քաղաքական եւ իրաւական բանավէճի սահմանները, իսկ ընկերութեան արժէքներու, պատմական յիշողութեան եւ կրօնական կառոյցներու հետ բաղխումի վիճակ յառաջացնելը անընդունելի է։ Մեր Սուրբ Եկեղեցին խոր արմատներով կրօնական հաստատութիւն մըն է։ Անոր դէմ սպառնական արտայայտութիւնները քաղաքական նպատակներու ծառայեցնելու փորձերը կրնայ հանրային կարծիքի մօտ խոր պառակտում մը յառաջացնել, նաեւ վնասել ընկերային համերաշխութիւնը։ Բացայայտ է, որ նման բեւեռացումներու յղի արտայայտութիւնները օգուտ չեն բերեր առաջին հերթին Վսեմաշուք Պարոն Վարչապետին՝ մանաւանդ, երբ Կովկասի տարածաշրջանը կ՚եռեւեփն։
Այս ծիրէն ներս Պատրիարքական Աթոռս յարմար դատած է իր արդար հակազդեցութիւնը ցոյց տալ Մեծայարգ Պարոն Վարչապետին եւ ցոլացնել, թէ առկայ ձգտեալ վիճակը ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ եւս յառաջացուցած է բացասական մթնոլորտ եւ դժգոհութեան հոսանք։ Այլապէս, ինչպէս անցեալ շուրջ 35 տարիներուն, այսօր ալ Պատրիարքական Աթոռս բոլորանուէր ձեւով կը խրախուսէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ու մշտապէս կ՚աղօթէ, որպէսզի Բարձրեալն Աստուած յաջողութիւն պարգեւէ բարիդրացիութեան ուղղեալ այդ ջանքերուն։ Մնացեալ պնդումները, որոնք թիւր տպաւորութիւն ստեղծելու հետամուտ են, միանշանակ դատապարտելի կը համարուին մեր համայնքի դրական սպասումներուն, յուսադրուած տրամադրութիւններուն, նաեւ պատասխանատուութիւններուն ու շահերուն տեսակէտէ։
Կը յուսանք, թէ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդը ճիշդ կ՚ընկալէ Պատրիարքական Աթոռիս սոյն արժանապատիւ եւ շինիչ կեցուածքը՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան եւ մեր նուիրական, բարոյական արժէքներուն։ Այդ կեցուածքին պարփակած պատգամը ուղիղ համեմատութեան մէջ է մեր հոգեւորականաց դասու անդամներու սքեմի նկատմամբ հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան ուխտին հետ։ Չմոռնալ, որ մեր հոգեւորականաց դասու իւրաքանչիւր անդամը օծուած է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն բաշխուած Սրբալոյս Միւռոնով։
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ այս ձգտեալ կացութիւնը ժամ առաջ վերջ գտնէ եւ Ամենակալ Տիրոջ կամքով վերահաստատուին խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Այդ պարագային ո՛չ միայն Պատրիարքական Աթոռոյս, այլեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներու սրտի դռները յարգանքով եւ սիրով կը բացուին Մեծայարգ Վարչապետին առջեւ։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ