«Գանձասարը» տեղեկացնում է.
Քեսապի մեր թղթակիցը յայտնեց, որ Լաթաքիոյ գիւղերուն մէջ ծայր առած հրդեհը հասած է Տիւզաղաճ, Քեսապի առաջին գիւղ։
Տղամարդիկ երկու օրէ ի վեր նախապատրաստական աշխատանք կը տանին հրդեհի ծաւալման առաջքը առնելու համար։
Կրակը լեռներուն վրայ է, ցարդ բնակելի վայրեր չէ հասած։ Ներկայ դրութեամբ մարդկային եւ նիւթական վնասներ չկան։