Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ» մատենաշարին հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հատոր մը` «Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ» խորագիրով: Հեղինակն է փրոֆ. Սեդա Պարսումեան–Տատոյեան` հանրածանօթ մտաւորական, հեղինակ, դաստիարակ եւ արուեստագէտ: Հատորը պատմագիտական վերլուծում մըն է Շնորհալիի ընդհանուր աւանդին քաղաքական եւ դիւանագիտական կողմերուն` իբրեւ օրկանական տարրեր` արեւմտեան հայաշխարհին կազմաւորումին մէջ, հազարամեակ մը առաջ: Այս հրատարակութիւնը առաջինն է նշեալ մատենաշարին` նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին:
Հանրութիւնը ունենալով իբրեւ «ընթերցող-հասարակութիւն»` «իր տեսակին մէջ առաջինը` այս ձեռնարկը իր ծննդոցը ունի միաժամանակ ընկերային, մշակութային եւ պատմագիտական մտահոգութիւններու մէջ», կը գրէ հեղինակը իր նախաբանին մէջ` աւելցնելով. «Նպատակն է մտաւորական եւ հոգեւոր մշակոյթն ու ապրուա՛ծ, ոչ թէ երեւակայուած կամ շարադրուած պատմութիւնը դարձնել ժողովուրդին մատչելի եւ մաս` անոր մտադրոյթին, այսինքն` մտածելակերպի հորիզոններուն: Որովհետեւ այն, ինչ որ չենք գիտեր, կամ գիտենք անհատապէս եւ հաւաքաբար, կամ կը կարծենք, թէ գիտենք, ճիշդ կամ սխալ, ամբողջական կամ թերի, անպայմանօրէն կ՛ազդէ մեր ընտրութիւններուն եւ գործելակերպին վրայ»:
Փրոֆ. Տատոյեանի հիմնական մասնակցութեամբ, կը գրէ Գեղամ արք. Խաչերեան իր յառաջաբանին մէջ, Արեւմտեան թեմի մատենաշարի ծրագրին հիմնական նպատակն է ստեղծել «hայագիտական սիմփոզիում» մը, զրուցարան մը, նաեւ` հանրային մշտաբաց «կլոր սեղան» մը, ուր բոլոր հարցերը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ, առարկայ են յարատեւ սերտողութեան եւ քննարկումի` զարգացնելու համար հիմնաւորուած գիտութիւն, ճիշդ անդրադարձներ եւ համապատասխան գործելակերպ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում