«Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ իշխանութիւնը հոն՝ վերերն է. անոնք չեն նկատեր, որ անիկա իսկապէս որ լայն զանգուածներու սիրտերուն մէջ է»։
Խոսէ Մուխիքա (Ուրուկուայի նախկին նախագահ, 1935-2025)
Կեղծ է անոնց կերպարանքը: Արուեստական դէմքեր են անոնք: Դիմակնե՛ր…
Անոնք՝ այդ դիմակաւորները՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան զինուորագրեալներն են, շատ աւելի ծանօթ ԱԱԾ կրճատումով: Եթէ դատենք իրենց ըրածներով, դժուար չէ տեսնել, թէ կը գործեն… վարձկանի պէս: Զարմանալի է. անոնք սկսած են շարունակ դիմակաւոր դառնալ: Արդեօք մի՞շտ այդպէս եղած է:
Կարդացեք նաև
Դիմակաւորնե՛ր… ժամանակն է, որ դիմակազուրկ ըլլաք եւ ցոյց տաք ձեր դէմքը՝ իսկական քաջութիւնը: Չէ՞ք տեսներ, որ ձեզ այս զազրելի դերին մէջ նետողը ամէն օր կը խայտառակէ ձեզ, կը դարձնէ զանգուածին ատելութեան թիրախը: Չէ՞ք տեսներ, որ ձեր ձեռքով կատարուած ձերբակալութիւնները վերջ կը գտնեն մէկը միւսէն աւելի մեծ խայտառակութեամբ: Նորագոյն օրինա՞կը. քանի մը օր առաջ, իբրեւ թէ յեղափոխութիւն, պետական հարուած պատրաստելու մեղադրանքով ձերբակալուածները ազատ արձակուեցան, որովհետեւ փաստուեցաւ, որ ձեր արարքը որեւէ հիմք չունէր:
Խայտառակուեցաք, որովհետեւ խաղալիք զէնքեր եւ արտօնեալ հրացաններ ունեցողներ ձերբակալած էիք անիմաստ կերպով, պարզապէս նոր վառելանիւթ հայթաթեցիք ձեզ իբրեւ վարձկան գործածող վարչախումբին քարոզչութեան, մասնակից դարձաք, անգամ մը եւս, հայրենիքի կորուստին դէմ ձայն բարձրացնողներու անմարելի աղաղակները խեղդելու դաւադրութեան, որ խորքին մէջ սարքուած է ու թելադրուած՝ թշնամիին կողմէ…
Պատմութիւն կերտած՝ Ուրուկուայի վերոյիշեալ նախագահ Մուխիքայի խօսքերը յստակ են. եւ դո՛ւք, դիմակաւորնե՛ր, շատ բան ունիք սորվելիք այս ուղղամիտ հերոսէն, որ քաջատեղեակ էր, թէ իշխանութիւնը՝ արդարութիւն պահանջող զանգուածներու սրտին մէջ է:
Դիմակաւորնե՛ր, վա՛ր առէք, պատռեցէ՛ք ձեր դիմակը: Ձեր պարտականութիւնն է ծառայել երկրի՛ն, եւ ո՛չ թէ վարչամեքենայի ղեկին վրայ գտնուող եւ աթոռին կառչած անձին եւ վատարի գործակիցներուն։ Դերասանութեան ժամանակը չէ: Աւելի՛ն, դուք պարտաւոր էք դիմակազերծ ընել թուրք-ազերիական դիմակով օժտուած մարդիկը, որոնք Ազգային Ժողովը վերածած է հտպիտային ձախաւեր կրկէսի, ժողովրդավարութեան անունով սուտ ու պատիր շքանշաններ կը մուրան զիրենք այլազան դիմակներով եւ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն դէմ գործելու մղող հովանաւորներէ: Մի՛ մոռնաք, որ դուք ալ ունիք ընտանիք ու հարազատներ, որոնց աչքերուն պէտք է նայիք բաց ճակատով, առանց դիմակի:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում