Վերջերս, ինչպէս բոլոր սրտցաւ հայերը, լրատուամիջոցներու խողովակով, կը հետեւէինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն։ Այդ օրը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ունեցած հարցազրոյցին բնոյթն ու խորքը մեր ալ ուշադրութիւնը գրաւեց եւ մենք ալ մեր կարգին հարց տուինք՝ «արդեօք ե՜րբ ճշմարտութեան զանգերը պիտի ղօղանջեն…»
Եւ մեր սիրելի վարչապետը, փոխանակ զգաստութեան գալու եւ բարեփոխելու իր վարած ներքին ու մասնաւորապէս՝ արտաքին քաղաքականութեան գահավէժ ընթացքը, փոխարէնը՝ նորելուկ բռնատէրի յաւակնութիւններ դրսեւորելով եւ իր էութիւնը պատած ներքին ահ ու սարսափէն զգետնուած կամ՝ տոչորուած, աջ ու ահեակ անտեղի նետարձակումներ կը շարունակէ կատարել․․․
Փոխանակ օտար տէրութիւններու ձեռքը խաղալիք դառնալու, արդեօք աւելի նպատակայարմար ու օգտակար պիտի չըլլար, զուտ ազգային քաղաքականութիւն մը վարել։
Սիւնիքի միջանցքը ամերիկեան ընկերութիւններուն վարձակալելու հարցը մէջտեղ նետուեցաւ, ան ալ հարիւր տարիով․․․
Կարդացեք նաև
Պարոն վարչապե՜տ, մեր հայրենիքն ալ վարձու տուէք, վերջանանք այս գլխացաւանքէն․․․
Արդեօք հայութեան ազգային շահերէն մեկնած, աւելի նպատակայարմար պիտի չըլլա՞ր, եթէ այդ նրբանցքները բացուէին ու գործէին զուտ հայ պետականութեան հսկողութեան ներքոյ, ան ալ հայ գործարարներու յատկացնելիք դրամագլուխով։
Ասիկա այն քաղաքական ղեկավարն է, որ տակաւին երեք տարի առաջ, Ազգային Ժողովի բեմէն, բարձրաձայն կը ճառէր ու ողբացեալ Ստեփան Թոփջեան որակումով՝ «անպախ զամպախ» կը գեղգեղէր, յետոյ սակայն անկարող, նաեւ խոստումնադրուժ դուրս եկաւ ու չկրցաւ իր երկիրը պաշտպանել մեր դարաւոր, անկուշտ թշնամիին չյագեցող ախորժակին դէմ, ու ձեռքէ տուաւ Ղարաբաղն ու հայրենի դարաւոր հողերը։
Իսկ որպէս հետեւանք՝ այդ անկարողութեան, տակաւին ատրպէյճանցի թուրքին առջեւ ծնկաչոք՝ ան լիաբուռ կը նուիրէ հայրենի հողերը, առանց փոխարէնը բան մը ստանալու։ Ապա, պարտուողական այդ ընթացքը քօղարկելու ճարպիկ ձեւն ու բոլոր բռնատէրերու կողմէ որդեգրուած յատուկ գործելաձեւը կ՛որդեգրէ, մեր սիրելի վարչապետը, այնպէս կոչուած յեղաշրջումին առաջքը առնելու յետին նպատակով, կղեր ու կուսակցական գործիչ ձերբակալել ու արգելափակել տալով, իր շուրջը կոտտացող վէրքին վրայ աղ ցանելով, թշնամիին ալ ջրաղացը ջուր լեցնելով․․․
Վերջապէս կ՛ըսեմ․«Պարոն վարչապետ, դրական ձեռքբերում մը մատնանշեցէք, խնդրեմ․․․»
Իբրեւ փորձառու ու սրտցաւ հայեր, մեր կարգին, բոլոր դերակատարները կը զգուշացնենք՝ որ ժամանակն է զգաստանալու եւ վերջ տալու հայ ժողովուրդին գոյութեան իսկ սպառնացող անտեղի, վտանգաւոր պայքարներուն ու ատելավառ գործունէութեան։ Ներկայ վարչակարգը պէտք է բաւարարուի հայութեան գլխուն իր բերած աղէտալի կորուստներով։
Պoղոս ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: