Այսօր՝ Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու յատկապէս Հայաստանը դիմագրաւող ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն։
Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համազգային արժէքներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը` տագնապներով լեցուն մեր ազգին ու Հայրենիքին պատմութեան ներկայ հանգրուանին։
Կարդացեք նաև