Հայը իր հոգեբարոյական դարպասի պահակը չէ: Իր արմատներուն դէմ նախայարձակումներ գործել իմաստութիւն եւ գործնականութիւն կը համարէ, իր լեզուն կը զեղծէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար, այս կամ այն յաջողութեան հասնելու կրպակային պատշաճեցումներով, լաւ ապրելու համար հայրենիք կը լքէ:
Դար մը առաջ, մարդորսական նկատումներով, թրքախօս հայերը քրիստոնեայ դարձնելու համար, հայերէն աղօթք, շարական եւ Ս. Գիրք թրքերէնի կը թագմանուէին հայատառ կը գրուէին, կը տպագրուէին: Հայը, գործապաշտութեամբ, կ’որդեգրէ լեզուները այն երկիրներուն, ուր իր դժբախտ պատմութեան բերումով եւ հայրենալքումով բնակութիւն կը հաստատէ, կ’աղօթէ Բաբելոնի բոլոր լեզուներով, եւ հայերէնը կը դարձնէ խորանի ծիսական լեզու: Կը յիշեմ աղօթագիրքի մը մէջ հայատառ թրքերէն «գրուած ՆՈՐԱՍՏԵՂԾԵԱԼ ԲԱՆՆ ՀԱՆԷԻՑ»ը. «Քելամ ուլլահ սեմավաթի, իպթիատան Ռապ էյլէտի, վէ սեմավի ասկէրլէրի, հաքիքի նուր մելէքլէրի…»…, մի ոմն հայ քարոզիչ Ս. Յարութեան Խորհուրդին համար կ’ըսէր, «Յիսուս փետերմիզին քըյամ էտտիքի ֆիքիր իլէ», հասկնալ՝ «մեր Յիսուս Հօր Յարութեան կամ համբարձման գաղափարովը», չանսացողը կը կոչէր «փութփերէս», «հեթանոս»: Հիմա խորանէն կը լսուին տարբեր լեզուներով քարոզ եւ աղօթք, եւ այդ կ’ընդունինք:Կը պատշաճինք, տեղի կու տանք: Մինչեւ եր՞բ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Նոյն տրամաբանութեամբ, բազմադարեան հայերէն բառերու ուղղագրութիւնը եւ տեսքը փոխուեցան: Դիպուկ խօսք ըսած է մեծ դերասան Սօս Սարգսեան, որ «Մեսրոպ լեզուով միացուց ազգը, մենք լեզուով բաժնեցինք»: Ունինք երկու հայերէն, երկու ուղղագրութիւն: Իրանահայը արեւելահայերէն կը գրէ դասական ուղղագրութեամբ, ինչպէս արեւմտահայը, Արեւելահայը կը գրէ «արդի» ուղղագրութեամբ, որ փոխարինած է բազմադարեան մեսրոպեան դասականը: Հայերէնի մէջ, յառաջդիմութեան նկատումով, տառադարձութեամբ ներմուծուած են հազարաւոր օտար բառեր, որոնք կը փոխարինեն հայերէն բառերը:
Թեթեւամտութեամբ, հայը հրաժարած է հայկական անուանումներէն, կեղծ արդիականութեան տուրք տալով որդեգրած է եւ կը շարունակէ նոյն թափով, Արշակի, Վահագնի, Արամի, Տիրանի, Արուսեակի, Արփիի, Անիի փոխարէն, զաւակ եւ թոռ կոչել Փոլ, Փիէր, Սեսիլ, Քաթիա, Քեվին Սվեթլանա… Շարքը երկար է: Ազգանունները, յաճախ թրքերէն այլանդակութիւններ են. «Սողանեէմէզեան», «Գոնտրաճեան», «Սափսըզեան», «Ճերէճեան», «Ճիկերեան», «Ետիքարտաշեան», «Ալթըփարմաքեան»…
Ոչ ոք կը խօսի ներկայի աւեր գործող քաղաքակրթական-մշակութային հայկական բոլոր խաւերու մէջ ծաւալող աղէտի մասին, որ ամէն օր համացանցէն յորդող օտարագրութիւնն է, անոր հետ քայլ պահող լատինատառ հայերէնը: Ահազանգող չկայ: Լսող ալ չկայ: Երեւելիապաշտական աղմուկին մէջ, հայերէն գիր ու խօսք մտահոգութիւն չեն: Արեւելահայերէնի մէջ, սովետի օրերուն սկսած էր եւ այսօր ալ կը շարունակուի օտար բառերու տառադարձումով անոնց ապիկար հայացումը, կ’ըսեն՝ «լեզուն կը հարստանայ» եւ կ’ապահայանայ հայերէնը: Երկրէն դուրս, Սփիւռք բազմալեզու խառնարանին մէջ, հայերէնի տեղ չկայ: Հարց կու տա՞նք, թէ ինչպիսի նորահայերէն մը պիտի զարգանայ Հայաստան պետութեան մէջ, եթէ հետեւինք «լեզուն կը յառաջդիմէ»ի (չ)իմաստութեան):
Կարդացեք նաև
Հայաստան եւ Սփիւռք, բազմամբոխ աղմուկի, ժողովներու, երթեւեկի, առճակատումներու մէջ, հայերէնի խաթարման եւ անոր ազգի առօրեայէն հեռացման դէմ թումբ կանգնելու միտում չկայ: Այս ընթացքով, հայերէնը ինքզինք պիտի գտնէ մասնագէտներու հետաքրքրութեան առարկայի վիճակին մէջ, ինչպէս գրաբարը: Հայկական լրատուամիջոցներու, եւ ամէն բնոյթի թեր ու դէմ ղեկավարութիւններու համար, հայերէնը, խօսուող եւ գրուող, օրակարգ չէ, անոր պաշտպանութիւնը նօսրացող փակ շրջանակի մէջ է, ո՛չ ոք հարց կու տայ թէ առանց անոր ի՞նչ պիտի մնայ ցարդ ուրոյն նկարագիր պահած Հայ Ազգէն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում