Կիրակի` 10 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաքելական պալատի գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունեց աղօթքին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները հրաւիրելով բոլորը յարատեւելու աղօթքի մէջ որպէսզի վերջ դրուի պատերազմներուն։
«Հիրոշիմայի և Նակազաքիի ռմբակոծումներու 80-ամեակը ամբողջ աշխարհին մէջ վերստին արթնցուց պատերազմի անհրաժեշտ մերժումը՝ որպէս հակամարտութիւններու լուծման միջոց» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց բոլոր անոնք որոնք որոշում կը կայացնեն նկատի առնելու իրենց պատասխանատուութիւնը իրենց ընտրանքներու բնակչութեան վրայ ունեցած հետեւանքներուն մասին։
«Անոնք թող չ՛անտեսեն աւելիով դիւրաբեկներուն կարիքները ու խաղաղութեան տիեզերական իղձը» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա «այս առումով շնորհաւորեց Հայաստանի և Ազրպէյճանի Խաղաղութեան համատեղ հռչակագիրի ստորագրութիւնը» յոյս յայտնելով «որ այս իրադարձութիւնը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն և երկարատև խաղաղութեան հաստատման»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում