(ա) Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթեթ»-ը բացարձակապէս կապ չունի խաղաղութեան հետ։ Ան ժխտումն իսկ է խաղաղութեան, որուն բուռն կարիքը ունի մեր երկիրը եւ որուն յամառօրէն կը ձգտինք մենք եւ մեր ժողովուրդը։ Փաշինեանական փաթեթը բացէ ի բաց պարտադրուած է թշնամիին կողմէ եւ կը ցոլացնէ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ թշնամի կողմի շահերն ու առաջնահերթութիւնները։ Հայաստանը ներկայացուած չէ։ Հայաստանը կողմ չի ներկայացներ այս գործողութեան մէջ։ Հայաստանը չունի իրական բանակցային կարգավիճակ փաթեթի խօսակցութեանց մէջ։ Հայաստանը պարզապէս կը խօսի պարտուածի վասալական դիրքերէ։
(բ) Իրական խաղաղութիւնը կրնայ բխիլ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ լծակային (leverage-based) կարողականութիւններէ, որոնք կը հաւասարակշռեն ուժային համեմատութիւնը բանակցութեան կողմերուն միջեւ։ Այդպիսի բանակցութիւն գոյութիւն չունի Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ։ Հայաստանը դրուած է լծակազուրկ դիրքերէ գործելու դրութեան մէջ։ Իրականութի՛ւն մը՝ որուն համար լայնօրէն պատասխանատու է փաշինեանական իշխանութիւնը։ Աւելի վա՛տը. փաստերը ցոյց տուին, որ փաշինեանական իշխանութիւնը ի վիճակի չէ շրջելու այս իրականութիւնը։ Ան իր տեսլականով եւ քաղաքականութեամբ անատակ է լծակային նոր կարողականութիւններով զինելու Հայաստանը։ Ան կը գործէ այն եպերելի մտայնութեամբ, որ ինք ստեղծուած է Հայաստանի դժուարաւ շահուած լծակային ուժականութիւնները ազատօրէն մսխելու, զանոնք թշնամիին զիջելու եւ հայ անկախ պետականութիւնը զրկելու լինելիութեան իր բանալի զէնքերէն։ Պարզ խօսքով, տալ ամէն ինչ, որ թշնամին կը պահանջէ, «խաղաղ» ապրելու նպատակին համար։
(գ) Այն ինչ, որ կը բաժնէ Հայաստանի ազատ քաղաքացին – եւ, ըստ էութեան, ողջ հայ ժողովուրդը – փաշինեանական իշխանութենէն, լծակային ուժի այս ոսկեայ սկզբունքն է։ Առանց այդ սկզբունքին, Հայաստանը կը վերադառնայ – թէկուզ երեւանեան ճոխակեցութեան սուտ ջնարակներով – իր հին օսմանեան ստրկային կարգավիճակին։ Փաշինեանական «խաղաղութիւն»ը ապակողմնորոշիչ եւ շնական (cynical) անուանումն է ստրկութեան յիշեալ կարգավիճակին։ Այսօր կրկին գործ ունինք Խրիմեան Հայրիկի կողմէ յստակօրէն բանաձեւուած Երկաթէ Շերեփի մեր ազգային վարդապետութեան հետ (doctrine), որ պարզապէս գոյութիւն չունի փաշինեանական գաղափարախօսութեան մէջ։ Երկաթէ Շերեփի այս խորհրդանիշը անցեալին մեկնաբանուած է բացառաբար որպէս զինեալ պայքարի կարողականութիւն, մինչդեռ ան շատ աւելին է նոյնիսկ Խրիմեան Հայրիկի արծարծած հարցերու համատեքստով։ Ան կ՛ընդգրկէ մեր ազգային ռազմավարութեան համար պարտադիր՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, դիւանագիտական, աշխարհաքաղաքական եւ այլ ստորոգելիներէ բաղկացած զինանոցին ամբողջութիւնը։
Այլ խօսքով, ան կ՛ընդգրկէ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՂՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱ՛ՐԳԸ։
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: