Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կը խոստացուի «փայլուն ապագայ». կրնանք ըսել, որ այս ալ միակողմանի է, որովհետեւ «փայլուն»ը կ՛երթայ Ատրպէյճանին. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 12,2025 11:53

Թրամփ-Փաշինյան-Ալիև ասուլիսը կարելի է որակել զիրար գովաբանելու, փառաբանելու եւ… շողոքորթելու հանդէս մը:

Ամէն բանէ առաջ, կ՛ուզենք վեր առնել քանի մը ուշագրաւ կէտ: Ասուլիսը կարելի է որակել զիրար գովաբանելու, փառաբանելու եւ… շողոքորթելու հանդէս մը: Թրամփ, ըստ իր սովորութեան, «սքանչելի, գեղեցիկ եւ աննախընթաց իրագործում» մը կատարած ըլլալու դիրքէն խօսեցաւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աւելի քան երեք ու կէս տասնամեակ առաջ ծայր առած տագնապը փակուած յայտարարեց, զայն դասեց խաղաղարարի՝ վերջին ամիսներու իր շարք մը իրագործումներուն ցանկին, յոյս յայտնեց, որ այս երթը նոր օղակ մըն ալ արձանագրէ շուտով՝ Ուքրանիոյ պատերազմին դադարեցումով: Ան մե՜ծ պատիւ համարեց, որ Սիւնիքի վրայով երթուղի մը պիտի բացուի եւ պիտի կրէ իր անունը (ի յայտ եկաւ, որ առաջարկը եկած է Փաշինեանէն եւ ընդունուած՝ Ալիեւի կողմէ), անիկա «ազատ երթեւեկ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» (Թրամփ քանի մը անգամ անձնանուններ եւ տեղանուններ արտասանեց հեգելու պէս եւ սխալով), ո՛չ մէկ յստակ ակնարկութիւն եղաւ, որ «բոլորին նպաստ բերելիք» այդ ճամբուն միւս երեսը՝ այսինքն Հայաստանի համար ի՞նչ ճամբաներ պիտի բացուին: Ան «լաւ բարեկամներ» որակեց Փաշինեանն ու Ալիեւը եւ յանձնարարելու ոճով ցանկութիւն յայտնեց, որ անոնք շարունակեն բարեկամութիւնը: Իբրեւ անմիջական ակնկալութիւն՝ ան խօսեցաւ խաղաղութեան եւ առեւտուրի զարգացման մասին, որոնցմէ պիտի օգտուին շրջանի երկիրները եւս:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ակնարկութիւն չկար Թրամփի եւ Ալիեւի այն խօսքերուն մասին, թէ Ուաշինկթըն եւ Պաքու զինակցական գործակցութիւնը պիտի ամրապնդեն: Ի յայտ եկաւ, որ ասոր մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ՝ աւելի քան 30 տարի առաջ, Ատրպէյճանի զէնք չծախելու որոշումին ջնջումը… Յայտարարութիւններուն մէջ, ակնարկութիւն եղաւ մէկ կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս կողմէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «երկկողմանի գործակցութեան ծրագիրներու մասին, որոնք պիտի ընդգրկեն ուժանիւթի, առեւտուրի եւ արհեստագիտութեան կալուածները»: Անորոշ կը մնայ նաեւ այն, որ «Թրամփի ճամբուն» շահարկումը ի՞նչ տարազով բաժնեկցութիւն պիտի ստեղծէ: Ծանօթ է, որ նախօրեակին, մամլոյ տեղեկութիւններ կային, թէ Ատրպէյճան ո՛չ միայն Հայաստանի համահաւասար շահ պիտի ունենայ, այլ այդ ճամբուն վրայ չ՛ուզեր տեսնել ոեւէ հայ սահմանապահ, մաքսային պաշտօնեայ եւ այլն: Ան այս հանդիպումին եկած է լայն ժպիտով… դիմակով:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ, կայ «սկզբնաւորուիլ» բառը (խաղաղութեան գործընթացին մասին), որ կը ստեղծէ հարցականներ, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ «սկսող ճամբուն վրայ շատ բան կայ ընելիք»: Աւելի յստակ կէտ մը կ՛արդարացնէ վատ նախատեսութիւն մը, ըստ որուն՝ կողմերը որոշած են վերջ տալ Մինսքի խմբակին գործունէութեան (սա ատրպէյճանական նախապայման մըն է շատո՜նց), Հայաստանը կը զրկէ Արցախի հարցով երեք գերուժերու իրաւարարութենէն, Ուաշինկթընը կը վերածէ միակ եւ… անգոյ իրաւարարի: Երբ Արցախի հարցը փակուած կը հռչակուի նա՛եւ ՔՊ-ական իշխանութեան կողմէ, ի՞նչ Արցախ, ի՜նչ միջազգային իրաւարարութիւն (ինչպէ՞ս չյիշել Լօզանը): Այս բոլորը արձանագրելով՝ երկու երկիրներուն կը խոստացուի «փայլուն ապագայ» (կրնանք ըսել, որ այս ալ միակողմանի է, որովհետեւ «փայլուն»ը կ՛երթայ Ատրպէյճանին):

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Նկարը գեներացված է արհեստական բանականության միջոցով:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031