Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կովկասի Փանամայի ջրանցքը. ոմանք պատրաստ են ամէն ինչ զիջելու եւ աւելին. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 13,2025 10:30

Ոււաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսին ստորագրուած Ամերիկա-Հայաստան-Ատրպէյճան հռչակագրի մեկնաբանական վերլուծումներու շարքին իւրայատուկ է Գարլոս Անթառամեանի սպաներէն յօդուածը, «Կովկասի Փանամայի ջրանցքը», որ լոյս տեսաւ Պուէնոս Այրէս հրատարակուող «Արմենիա» թերթին կայքէջին վրայ, իրադարձութեան յաջորդ օրը: Անթառամեան կ՛ըսէ, թէ հռչակագրով աւետուող խաղաղութեան մասին իրեն շնորհաւորողներուն կը բացատրէր, թէ հայերուն համար շնորհաւորանքի ոչ մէկ առիթ կար, ընդհակառակը, հայոց պատմութեան իրերայաջորդ ողբերգական թուականներուն վրայ աւելցող թուական մըն էր, որ կ՛աւելնար:

«Իրենց կը բացատրէի, որ նման համաձայնութիւններ, արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն մը հաստատելու փոխարէն կ՛ամրագրեն ուժով պարտադրուած իրականութիւններ, որոնք խոր վէրքերու եւ անհաւասարութիւններու կնիքը պիտի ձգեն ապագայ սերունդներուն վրայ: Ըսածս պատկերաւոր բացատրելու համար կը բերէի Փանամայի ջրանցքը բանալու Ամերիկայի որոշումին օրինակը: Այդ նախաձեռնութիւնը օրին արժանացաւ միջազգային ողջոյնին, որպէս հմուտ դիւանագիտութեան յաղթանակ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Գոլոմպիայի համար եղաւ արտաքին պարտադրանք եւ իր հողատարածքի վերահսկողութեան կորուստ, իսկ Փանամային համար նշանակեց տասնամեակներ տեւած սահմանափակ գերիշխանութիւն»:

Փանաման ի վերջոյ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատեց ջրանցքին վրայ: Ճիշդ հակառակը կը պատահի Սիւնիքի մէջ, կ՛ըսէ Անթառամեան, նշելով Ռուսիոյ համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այն միջանցքը, որ պիտի բացուի, համաշխարհային ծանուցման կ՛արժանանայ որպէս կոսմոպոլիտ (համաշխարհային) ծրագիր, հնչուն անունով մը, որ «աւելի շուտ կը յուշէ Մայամիի մէջ պերճագին «րիզորդ» մը, աւելի քան Կովկասի ամենալարուած շրջաններէն մէկուն համար ծրագիր մը»:

«Տանըլտի (Թրամփի) կառավարութիւնը, փոքերի երեսով, այն կը ներկայացնէ որպէս բացառապէս առեւտրական նախաձեռնութիւն, հեռու ռազմական թէ ապահովական նկատառումներէ: Կարծես թէ մեր ժամանակներու պատմութեան մէջ շատ ըլլային տագնապալի տարածաշրջաններու մէջ միջանցքներ, ուրկէ բացառապէս առեւտրական փոխանակման եւ ժպտուն զբօսաշրջիկներ կ՛երթեւեկեն», կը հեգնէ Անթառամեան, եւ յօդուածը կ՛աւարտէ շատ կտրուկ. «Ներողութիւն, միայն կրնամ ըսել՝ «անիծեալ օր»»:

Անթառամեանի յօդուածը նաեւ դուռ կը բանայ ռուսական հակազդեցութեան մասին խորհրդածութիւններու: Թէ ստորագրուած փաստաթուղթը աւելի քան խորհրդանշական է Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան յետընթացի մը, գոնէ քարոզչական իմաստով, կասկածի տեղի չի տար:

Բայց նաեւ կրնայ ըլլալ որ Ռուսիա այս եռակողմանի հռչակագրի քիչ մը անհասկնալի «նախաստորագրութիւնը», հետեւաբար՝ Զանգեզուրի միջանցքը կամ Թրամփի ուղին, ընկալէ որպէս Ամերիկայի հետ բանակցային գործօն: Եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ միացաւ միջազգային համայնքին՝ ողջունելով «Կովկասի Փանամայի ջրանցք»ը, որ հինգ տարի առաջ ինք ուզած էր իրականացնել եւ վերահսկել…

Ճուլիանօ Տա Էմփոլի «գիշատիչներ» կ՛որակէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մերօրեայ խաղարկուները, մեծպետական ղեկավարներ ըլլան անոնք թէ գերհարուստներու դասակարգի ներկայացուցիչներ (Giuliano Da Empoli, L՛heure Des Prédateurs, Paris: Gallimard, 2025): Գիշատիչները իրենց սեղանին կը հրաւիրեն զանոնք, որոնց պիտի բզկտեն, եւ, երբեմն, պատառ մը իրենց տան: Կը մնայ, որ գիշատիչներուն զոհերը նոյնանման վերաբերմունք չունին: Ոմանք պատրաստ են ամէն ինչ զիջելու եւ աւելին, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանը, որ հակառակ Թրամփի պատրաստակամութեան չուզեց Պաքուի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ներառել փաստաթուղթին մէջ: Ի տարբերութիւն Զելենսքիի, որ առնուազն կը փորձէ փրկել իր արժանապատուութիւնը եւ ի սկզբանէ յայտարարած է, որ կը մերժէ որեւէ հողային զիջում, կը մերժէ 15 Օգոստոսը վերածել «անիծեալ օր»ի:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031