ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԵՍԱՊԸ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ Է ԱՆՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ՀՐԴԵՀՈՎ
Շուրջ ամիս մը առաջ, մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ:
Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն:
Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն զսպելու ահաւոր հրդեհին տարածումը: Կը յուսանք, որ օտար երկիրներ անմիջապէս օգնութեան հասնին՝ հակակշիռի տակ առնելու հրդեհին առաւել ծաւալումը:
Կարդացեք նաև
Cilicia TV