Այս ամբողջը մեզի կը ներկայացուի իբրեւ պատմական ձեռքբերում. Ուաշինկթոնի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ ձեռքսեղմում մը, Սպիտակ տան մէջ լուսանկարուելու առիթ մը, Հայաստանի վարչապետը՝ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողքին նստած, եւ քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք, եթէ հաւատանք մամլոյ հաղորդագրութիւններուն, պիտի ճանապարհ բանան «միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»։
Սակայն եթէ մէկ կողմ դնենք այս բոլոր ցուցադրական շքեղութիւնները, պատկերը շատ աւելի քիչ գրաւիչ է։ Այս գործարքին մէջ Հայաստանը կու տայ, կը զիջի եւ կը յարմարի՝ առանց որեւէ շօշափելի շահ մը ստանալու։
Սկսինք գլխաւոր կէտէն՝ այսպէս կոչուած «Թրամփի ճանապարհը՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»-էն («Trump Route for International Peace and Prosperity» – TRIPP), որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ պիտի կապէ Սիւնիքի միջոցով։ Անուանումը հետաքրքրական է, դիւանագիտական լեզուն՝ յղկուած, բայց բուն էութի՞նը: Անկախ անկէ, թէ զայն ինչ կը կոչես (ճանապարհ, միջանցք թէ միացման ծրագիր), էութիւնը նոյնն է. Հայաստանի տարածքէն հատուած մը կը հանուի մեր ամբողջական վերահսկողութենէն՝ ուրիշին ռազմավարական շահերուն համար։
Մեզի կը յայտարարեն, թէ այդ ճանապարհը պիտի գործէ հայաստանեան օրէնքներով, որ «արտատարածքային» չէ, եւ թերեւս մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութիւն մը պիտի կառավարէ զայն (ինչպէս Զուարթնոց օդակայանը, կ’ըսեն… կարծես թէ առեւտրական օդակայան մը նոյնն է, ինչ երկու թշնամի պետութիւններու միջեւ ռազմավարական երակ մը): Այս խօսքերը նախատեսուած են յոյզերը հանդարտեցնելու, ոչ թէ վստահութիւն ներշնչելու համար։ Գործնականին մէջ, անվտանգութիւնը եւ կառավարումը այլոց յանձնելը կը զրկէ մեզ փոխադարձութենէն, որուն վրայ պարտաւոր ենք պնդելու։ Ոչ ոք լրջօրէն կը հաւատայ, թէ Պաքուն երբեւէ թոյլ պիտի տայ համարժէք պայմանաւորում մը իր տարածքին մէջ հայկական երթեւեկութեան համար։
Կարդացեք նաև
Եվ այս բոլորին դիմաց ի՞նչ կը ստանայ Հայաստանը։ Ոչ մէկ խօսք, բառացիօրէն ոչ մէկ խօսք՝ արցախահայութեան ճակատագրին, իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքին (կամ անոր պայմանները ստեղծելու) մասին: Ոչ մէկ շշուկ հազարաւոր հայկական մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն եւ վայրերուն մասին, որոնք այժմ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են, ներառեալ միջնադարեան վանքերը, որոնք արդարօրէն կը պատկանին Հայ առաքելական եկեղեցիին։
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններո՞ւն մասին. 2021-էն ի վեր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող (ՀՀ վարչապետին սիրելի եզրը գործածեմ… «իրական») Հայաստանի տարածքները՝ ռազմավարական բարձունքները, կենսական ջրային աղբիւրները, ամբողջութեամբ անտեսուած են։
Չկայ ոչ մէկ յիշատակում Պաքուի մէջ տակաւին գերի պահուող հայերուն մասին. Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական եւ զինուորական առաջնորդներ, 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած քաղաքացիական դէմքեր, եւ 2023-ի ցեղասպանական գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուածներ, ներառեալ նախկին նախագահներն ու միջազգային համբաւ վայլով բարերար Ռուբէն Վարդանեանը։
Սպիտակ տան արարողութիւնը մեզի տուաւ հաւասարութեան տպաւորութիւն՝ երկու առաջնորդ, երկու դրօշ, մէկ միջնորդ, առանց այն բովանդակութեան, որ հաւասարութիւն կը պահանջէ։ Ատրպէյճանի նախագահը գնաց ամերիկեան միջնորդութեամբ իր երկրի յարաբերութիւնները Ուաշինկթոնի հետ բարձրացնելու, ԱՄՆ-ի զինուորական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու դրոշմը հանելու, եւ ստանալու ռազմավարական ճանապարհ մը, որուն ետեւէն ինկած էր երկար տարիներ։ Հայաստանը հեռացաւ համագործակցութեան երեք յուշագիրներով՝ ուժանիւթի (energy), արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence – AI) եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» վերամշակուած ծրագրով. այս բոլորը չեն անդրադառնար մեր հողերու բռնագրաւման, մեր ժողովուրդի վերադարձին կամ մեր սահմաններու անվտանգութեան։
Եվ տակաւին լռութիւն. Հայ-թրքական սահմանը բանալու որեւէ պարտաւորութիւն չկայ, նոյնիսկ հիմա, երբ «խաղաղութիւն» ըսուածը իբր բոլորին ընդհանուր լեզուն է։ Այդ շրջափակումը մնացած է Ատրպէյճանի պնդումով, եւ հռչակագիրը ոչ մէկ յստակութիւն կու տայ, թէ երբ կամ արդեօք պիտի վերցուի՞ ան։
Միայն 907-րդ յօդուածի սահմանափակումի չեղարկումը պէտք է տագնապի ազդանշան տայ։ Ան կը վերացնէ այն քիչ լծակներէն մէկը, որ Ուաշինկթոն ունէր Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ խախտումներու եւ սրացումներու համար։ Անոր վերացումը, մինչ Ատրպէյճանական զօրքերը դեռ կը բռնագրաւեն հայկական տարածքները եւ հայ գերիները կը մնան կալանքի տակ, չտեսնելու կու տայ յարձակումը եւ ազդանշան կը հանդիսանայ, որ հետեւանքները բացառուած են։
Ռուբէն ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում