Խօսիլ հանրապետութեան զինանշանի խորհրդանշաններու ժամանակավրէպութեան մասին, յետոյ Արարատը հակադրել Արագածին, ձաղկել հայդատականութիւնը, աւարտած համարել դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը, յայտարարել, որ Հայաստանի վարչապետն ու կառավարութիւնը պատասխանատու են միայն 29.743 քառ. քմ տարածութեան մէջ ապրող քաղաքացիներուն, յայտնել, որ սփիւռքահայերը իրենց խնդիրներու լուծման համար որեւէ ակնկալութիւն պէտք չէ ունենան Հայաստանի իշխանութիւններէն, հարցականի տակ առնել ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային փաստերն ու իրողութիւնները, Թուրքիայէն բացի այլ պատասխանատուներ որոնել ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ եւ այժմ ալ ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն: Այս ընթացքին հաղորդել զգացականութիւն` ճանաչումի իւրաքանչիւր քայլը մեկնաբանելով նահատակներու արեան դիմաց տրուած վաճառագինի:
Այս հանրագումարը կը համոզէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան քարոզարշաւի մէջ կարեւորագոյն օղակն է, որ կը սպասարկուի այս ձեւով:
Արցախի էջը փակելէ, պատմական արդարութեան վերականգնման եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման հռչակագրային հիմնադրոյթներու ջնջման փորձէն ետք, այս ձեւով վարչապետը ուղղակի կը հարուածէ Անկախութեան հռչակագիրին 11-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:
Արեւմտեան Հայաստանը վաղուց դուրս եկած է իբրեւ ձեւակերպում պետական բառապաշարէն: Այդ դուրս բերումը սերտօրէն կապ ունի համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման հռչակագրային դրոյթներուն ջնջման քաղաքականութեան հետ:
Կարդացեք նաև
Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Երեւանի առաջնային օրակարգը չէ: Հիմա այս ձեւով կը յայտարարուի, որ ոչ թէ առաջնային, այլ ընդհանրապէս օրակարգ չէ: Աւելի՛ն. կը հաստատուի, որ ճանաչումը չի բխիր Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն: Վճարագին է, որ հիմնականին մէջ կը հարուածէ պետութեան շահերը: Արդիւնք` ճանաչումի իւրաքանչիւր քայլ հարուածած կ՛ըլլայ, ըստ այս տրամաբանութեան, Երեւանի եւ Անգարայի շահերը:
Շրջումի փորձ կը կատարուի տասնամեակներու վրայ կիրարկուած ռազմավարութիւն մը: Հիմա կ՛առաջադրուի համազգային իրաւունքներէ ամբողջական հրաժարում:
Երեւանը, շրջափակուած ըլլալով ցեղասպանութիւն գործադրած պետութեան մը իրաւաժառանգորդով եւ տակաւին վերջերս ցեղասպանութիւն գործած այլ պետութեամբ, յանձնուողականութեան հերթական պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վարչապետին ճամբով: Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացուցած, ցեղասպանութիւն գործադրած Ազրպէյճանի դէմ դատական դիմումները կը չեղարկուին նախաստորագրութիւններով: Մինչդեռ փորձագիտական հանրութեան եզրակացութիւնները կ՛ընդգծէին Արցախի ցեղասպանութեան փաստի արձանագրումը հիմք նկատել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման աշխատանքներուն համար:
Անկախութեան հռչակագիրը տակաւին կը պահպանէ իր սահմանադրականութիւնը: Վարչապետին յայտարարութիւնը հակապետական է եւ հակասահմանադրական, որովհետեւ ամբողջովին կը հակադրուի հռչակագիրի 11-րդ կէտին: Սահմանադրական դատարանը ըսելիք պէտք է ունենայ, եթէ անշուշտ անկախ կը գործէ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում