Արդ, սիրելի Հենրիկ, ոեւէ հայ ֆութպոլասէրի համար գաղտնիք չէ որ ամբողջ տասնամեակ մը, դուն քու տաղանդովդ ու մարդամօտ անհատականութեամբ, պաշտամունքի առարկան ու կուռքը դարձար այդ մարզախաղի հայ եւ օտար սիրահարներուն։ Ու երբ ազգային խումբէն հեռանալով գացիր եւրոպական հանրածանօթ, ու առաջնակարգ խումբերէն խաղալու, բոլոր երկրպագուներդ անխտիր ողջունեցին այդ քայլդ, քեզ արժանի գտնելով այդ պատուին․․․
Սակայն ժամանակի ընթացքին, ըստ քու քննադատներուդ, փոխանակ հայ ազգային խումբին հետ կապերդ ամուր պահելու ու մասնակցութիւն բերելու անոր կատարած միջազգային մրցումներուն, տակաւին փոխանակ օժանդակելու անոր յառաջխաղացքին ու յաղթական երթին, եւրոպական հռչակաւոր խումբերու մէջ ձեռք բերած յաջողութենէն տարուած, հայ ֆութպոլասէրներուն համար ողբերգական օր մը, յայտարարեցիր, թէ կը հրաժարէիր ազգային խումբէն խաղալ, պատճառաբանելով, թէ հայրենի ղեկավարութիւնը քու արժէքդ չի գիտեր ոչ ալ պէտք եղածին չափ կը գնահատէ քու յանձն առած զոհողութիւնները։
Ուրեմն, քու օրինակիդ հետեւելով, հայ գրողներս ու Հայ Դատի ուխտեալներս ալ, աճուրդի հանենք մեր հայութիւնը, ու «փրթընիս», ինչքերը հաւաքելով հեռանանք հայութեան զարկերակէն, քանի որ մեր ստեղծագործութիւնները ոչ հրատարակող ոչ ալ գնահատող կայ Սփիւռքի ու հայրենիքի տարածքին։ Նոյնիսկ վկայագիր մը զլացուած է մեզի Հայ Դատին բերած մեր տասնամեակներու նուիրումին ու զոհողութեան իբր գնահատանք ու տրիտուր․․․ որպէսզի մենք ալ մեր կարգին՝ մեր զաւակներուն ու թոռներուն փոխանցէինք մեր ծառայութեան ու նուիրումին խօսուն փաստը հանդիսացող այդ գիրը։
Հենրիկ ջան, օտարութեան մէջ հասակ նետածներուս համար, ազգային զգացումէն աւելի արժէքաւոր ու վեհ բան գոյութիւն չունի․․․ Ափ մը ադամանդով ու սայլ մը ձոյլ ոսկիով չենք փոխարիներ աստուածատուր, հոյակապ այդ զգացումը։Ներկայ մտորումները ունեցայ Հայաստան ընդդէմ Փորթուկալ միջազգային մրցումը դիտած պահուս, վկայելով Սէուտական Արաբիոյ շռայլած միլիոններով յղփացած Ռոնալտոյին ներկայութիւնը իր ազգային հաւաքականէն ներս, մէկէ աւելի անգամներ ափսոսանքով ու շուրջիններէս լսելի ձայնով ափսոսացի։ «Եթէ Մխիթարեանը ազգային խումբը չլքեր, այս օրուան մրցումին արդիւնքը բոլորովին տարբեր կրնար ըլլալ․․․»
Կարդացեք նաև
Սիրելի Հենրիկ, ներկայ տողերը կարդալէ ետք՝ խորը մտածէ․․․
Հազարաւոր հայ երկրպագուներդ կը սպասեն ու կը մաղթեն, որ օտար հռչակաւոր խումբերու մէջ խաղալով հանդերձ, հարկը պահանջած պահուն, գաս ու գլխաւորես մեր ազգային հաւաքականը։ Կը խնդրենք, ականջ մի կախեր քեզ չհանդուրժողներուն․․․
Պօղոս Գուբելեան
Ռիչմընտ, Վըրճինիա
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: