Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հետապնդել Պաքուի կողմէ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակելու հրամայականը. Արամ Ա-ն՝ Վատիկանի ներկայացուցչին

Սեպտեմբեր 19,2025 12:34

«ԱՐՑԱԽԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է». ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ

Cilicia TV. Հինգշաթբի, 18 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած գագաթնաժողովին առընթեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անձնական ներկայացուցիչին՝ քարտինալ Ճորճ Ժաքոպ Քուվաքատին հետ, որ միաժամանակ Վատիկանի միջ-կրօանական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահն է:

Հանդիպման ընթացքին, բնականաբար, քննարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ շարունակուող սերտ գործակցութիւնը։ Շեշտուեցաւ նաեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու կողքին միջ-կրօնական յարաբերութեանց ծիրը ընդլայնելու կարելիութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի ու Ազրպէյճանի միջեւ զարգացող յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս Արցախի մեր ժողովուրդին եւ անոր պատկանող եկեղեցիներուն ու պատմական-մշակութային կառոյցներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի մօտեցումներուն ու քայլերուն, որոնք երբե՛ք չեն համապատասխաներ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմու իրականութեան: Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ յիշեցուց ամիսներ առաջ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կայացած համագումարը, որու ընթացքին, դժբախտաբար, Արցախի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ներկայացուած էր պատմական իրականութիւններէ հեռու տուեալներով:

Յիշեալ հարցերուն եւ մանաւանդ Վատիկան-Ազրպէյճան յարաբերութեանց գծով քարտինալ Քուվաքատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, միաժամանակ որոշ հարցերու ուղղութեամբ տալով յստակ լուսաբանութիւններ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը երկու առաջարկ ներկայացուց Վատիկանի ներկայացուցիչին.-
ա) մեծապէս գոհ պիտի մնանք, եթէ Վատիկան շարունակէ միշտ յիշեցնել Ազրպէյճանին ու միջազգային համայնիքին՝ հայ եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման կենսական կարեւորութիւնը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն։

բ) Կարելի բոլոր միջոցներով հետապնդել Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կալանաւորուած Արցախի քաղաքական ու ազգային ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակելու հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը շուտով պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ ընթացքին, բնականաբար, առիթ կ՚ունենայ Պապին հետ արծարծելու յիշեալ հարցերը։

Յայտնենք, որ հանդիպման նաեւ ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930