Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա կաթողիկոս կոչ ուղղեց միջ-կրօնական առաւել գործակցութեան Ասթանայի մէջ

Սեպտեմբեր 26,2025 11:25

17-18 սեպտմբերին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական գերաստիճանի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիացաւ այն ձայներէն, որ կոչ ըրաւ կրօնական համայնքներու համագործակցութեան խորացման եւ մարդկային հիմնական իրաւուքներու պաշտպանութեան բազմաթիւ տագնապներու մատնուած աշխարհի մը մէջ։

Բացման նիստին խօսք առնելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց երկրի նախագահին ու պետութեան կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու ճիգը եւ ներկայ գագաթնաժողովի մասնակից աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ան շեշտեց, որ երկխօսութեան օրակարգը պէտք է համապատասխանէ ներկայ աշխարհի պայմաններուն, միաժամանակ երկխօսութիւնը պէտք է կարելիութիւն ընծայէ զիրար ճանչնալու ու յարգելու, հեռու մնալով միակողմանի տեսակէտեր ու կենցաղակերպեր պարտադրելու մօտեցումներէ:

«Ահաւոր տագնապներով, հակասութիւններով ու լարուածութիւններով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ, ուր յաճախ իրաւունքն ու արդարութիւնը զոհ կը դառնան բռնատիրական կառոյցներու, կրօնները չեն կրնար մնալ անտարբեր: Անոնք կոչուած են կամուրջի ու հաշտարարի դեր կատարելու», յայտարարեց Վեհափառ Հայրապետը։

Գերաստիճանին առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անձնական ներկայացուցիչին՝ ծիրանաւոր Ճորճ Ժաքոպ Քուվաքատին, որ միաժամանակ Վատիկանի միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահն է:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ շարունակուող սերտ գործակցութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի ու Ատրպէյճանի միջեւ զարգացող յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս` Արցախի մեր ժողովուրդին եւ անոր պատկանող եկեղեցիներուն ու պատմա-մշակութային կառոյցներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի մօտեցումներուն ու քայլերուն, որոնք երբե՛ք չեն համապատասխաներ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմու իրականութեան: Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ յիշեցուց ամիսներ առաջ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կայացած համագումարը, որուն ընթացքին, դժբախտաբար, Արցախի մէջ հայութեան գոյութիւնը ներկայացուած էր կեղծուած  տուեալներով:

Յիշեալ հարցերուն եւ մանաւանդ Վատիկան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց գծով քարտինալ Քուվաքատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին՝ միաժամանակ որոշ հարցերու ուղղութեամբ տալով յստակ լուսաբանութիւններ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը երկու առաջարկ ներկայացուց Վատիկանի ներկայացուցիչին.

ա) Ան ըսաւ, թէ մեծապէս գոհ պիտի մնանք, եթէ Վատիկան միշտ յիշեցնէ Ատրպէյճանին ու միջազգային համայնիքին՝ հայ եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման կենսական կարեւորութիւնը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն։

բ) Խնդրեց նաեւ կարելի բոլոր միջոցներով հետապնդել Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կալանաւորուած Արցախի ան ու ազգային ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակելու հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը շուտով պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ ընթացքին, բնականաբար, առիթ կ՚ունենայ Պապին հետ արծարծելու յիշեալ հարցերը։

Յայտնենք, որ հանդիպման նաեւ ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս առանձին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հետ։ Երկու հոգեւոր պետերը լայնօրէն քննարկեցին հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:

Կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան նաեւ հարցեր ու մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման, եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութեան վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Արցախի քաղաքական ու ազգային դէմքերու բանտարկութեան մասին: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը մեծապէս երախտապարտ պիտի ըլլայ Արցախի կրօնական ու պատմական-մշակութային կառոյցներու պահպանման եւ հայ բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակման գծով, եթէ նախագահ Փութին եւ Քիրիլ Պատրիարք իրենց անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարեն Ազրպէյճանի իշխանութեանց մօտ։ Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ շուրջ յիսուն տարիներու վրայ տարածուած սերտ բարեկամութիւն գոյութիւն ունի։

Հանդիպելով Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ Պատրիարք Թէոֆիլոս Գ.ին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Այս ծիրէն ներս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն՝ յատկապէս «Կովերու Պարտէզ»ի տարածքին առնչուած: Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը ճանչնայ Թէոֆիլոս Պատրիարքը. երբ Վեհափառ Հայրապետը ատենապետն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեան, նոյն մարմինի անդամ էր Պատրիարքը որպէս եպիսկոպոս: Անոնք միաժամանակ սերտօրէն գործակցած են իբրեւ նախագահներ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին:

Հանդիպման աւարտին, երկու հոգեւոր պետերը կարճ զրոյց ունեցան նաեւ Քաթարի միջ կրօնական երկխօսութեան նախագահ Իպրահիմ Պըն Սալէհ Ալ-Նուէյմիի հետ։

Վեհափառ Հայրապետին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի, քաղաքակրթութեան ու կրօններու յարաբերութեանց կեդրոնի նախագահ դոկտոր Մուհամմատ Մըհտի Իմանիփուրի միջեւ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրանի հայ համայնքին եւ անոր կարեւոր նպաստին Իրանի զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքններուն գծով: Բնականաբար նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի, կրօնի ու քաղաքակրթութեան կեդրոնին միջեւ վերջին երեսուն տարիներուն տեղի ունեցող կրօնական երկխօսութիւնը շարունակելու կարելիութիւններուն մասին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իսլամական երկիրներու Կառոյցներու Ընդհանուր Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մուհամմէտ Ապտ Ալ-Սալամի հետ, որ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին խորհուրդին կողմէ կազմակերպուելիք կարեւոր հաւաքին Կազայի հարցին շուրջ, Գահիրէի մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ Ղազախստանի պետական, ինչպէս նաեւ իտալական, փորթուկալեան, ռուսական եւ այլ լրատուամիջոցներու, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի կայաններու հետ։ Յիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ միջ-կրօնական օրակարգերը պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհի խնդիրներուն. օրինակ` խաղաղ գոյակցութիւն, կենսոլորտային հարցեր, ցեղասպանութիւն, մարդկային իրաւանց առնչուած հարցեր, սրբավայրերու պաշտպանութիւն եւ այլն։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930