Թրամփ յոխորտաց, որ ութ ամիս առաջ (վեր)ստանձնած է իր պաշտօնը եւ 7 ամիսներու ընթացքին, կրցած է աւարտին հասցնել 7 պատերազմեր։ Ուրեմն, իր տրամաբանութեամբ, ամիսը մէկ պատերազմ պիտի դադրի։ Հայորդիին համար, միակ յուսադրիչ կէտը այն էր, որ ան անգամուան մը համար չսխալեցաւ, եւ Հայաստան (Armenia) արտասանեց, Ալպանիա ըսելու փոխարէն։
Պաղեստինի մասին խօսելով, ան կեղծիքին ընդմէջէն իսկական դիմագիծը ներկայացուց, այդ ալ՝ առանց գիտակցելու։ Ան հեգնական ոճով արտայայտուեցաւ Պաղեստինը ճանչնալու եւրոպական կարգ մը երկիրներու որոշումին մասին։ Այլ հարց՝ որ Պաղեստինը իր համեմատաբար աւելի կայուն գոյութեան ժամանակ չճանչցուեցաւ, իսկ այժմ՝ երբ Կազան գրեթէ հիմնայատակ կործանած է ու բնակչութեան անխնայ ջարդը կը շարունակուի անսանձ, իսկ Արեւմտեան Ափն ալ հետզհետէ կը «կրծուի» բռնի ուժով բնակութիւն հաստատող ծայրայեղական հրեաներու կողմէ․․․: Ծանօթ ըլլալով Թրամփի «տրամաբանութեան», զարմանալի չէ, թէ ան ինչո՞ւ Կազան չունէր «պատերազմներ դադրեցուցի»ի ցանկին վրայ:
Ամէնայն ինքնավստահութեամբ, Թրամփ բոլոր գաղթականները դասեց թմրեցուցիչի վաճառականի եւ ոճրագործի ցանկին, ո՛չ մէկ խոր վերլուծում կատարելով, թէ ի՞նչ են իսկական դրդապատճառները։ Կենսոլորտն ալ, իր կարգին, խամաճիկի վերածուեցաւ: Բանական ու տրամաբանութիւն ունեցող մարդուն համար, սքանչելի «գիւտ» էր Թրամփի ըսածը, թէ՝ ժամանակին ջերմաստիճանը կը նուազէր, իսկ հիմա ալ կը բարձրանայ։ Այս մարդն ալ ամենագէտ կը կարծէ ինքզինք, որովհետեւ օր մը առաջ, այս կամ այն դեղը գործածելու-չգործածելու հրահանգներ արձակեց իր ժողովուրդին, կողքին ունենալով իրեն չափ «իմաստո՜ւն» առողջապահութեան նախարարը:
Հպանցիկ անկարկութիւն ընելով Նոպելեան մրցանակին տիրանալու իր ախորժակներուն՝ Թրամփ քուրջի կտորի վերածեց ՄԱԿ-ը, նոյնիսկ իբրեւ կառուցողական կազմակերպութիւն, մանաւանդ, որ մեկնարկի պահուն, անոր շարժուն աստիճանները չգործեցին, ո՛չ ալ հեռարձակները։
Կարդացեք նաև
Չմտնենք այն լաբիւրիդոսին մէջ, թէ ինչո՞ւ, որո՞նց անմարդկային արարքներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով ՄԱԿ-ը մեծ նահանջ արձանագրած է իր սկզբնական առաքելութենէն, իսկ մարդկութիւնը արդար սպասում ունի, որ ան, իր բոլոր ենթակառոյցներով, վերականգնի իբրեւ միջազգային այն հեղինակութիւնն ու բեմը, որ սահմանուած էր իր արարման իսկ օրերուն, Սան Ֆրանսիսքոյի առաջին հաւաքին: Այլ խօսքով, կարելի չէ համաձայնիլ Թրամփի մը կամ Պոլթընի մը դատողութիւններուն, որովհետեւ իրենց նմաններուն «իրագործումներն» են որ անատամ եւ անկարող կառոյցի վիճակին մատնած են այս կազմակերպութիւնը:
Այս առթիւ կարելի է յիշել միեւնոյն Պոլթընի մէկ այլ խօսքը եւ համաձայն ըլլալ անոր. –
«Անյուսալիօրէն, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը քաղաքականացուած է։ Կը կարծեմ, որ անիկա ինքզինք արժեզրկած է»։
ՄԱԿ-ը անկարող է, իսկ Թրամփ ՄԱԿ-նիշը՝ ահաւոր։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում