«ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի Նամակ-Դիմումը Երեւանի Քաղաքապետին
ՀՀ Երեւան քաղաքի քաղաքապետ՝
Տիգրան Ավինյանին
Կրկնօրինակը՝ ի գիտութիւն
Կարդացեք նաև
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին
Սեւակ Յակոբեանէն
«Զարթօնք» օրաթերթի Գլխաւոր խմբագիր
11.10.2025թ.
Յարգելի պարոն Ավինյան,
Բնականաբար Ձեզի համար գաղտնիք մը չէ, ոչ ալ նորութիւն է Երևան քաղաքի Նուպարաշէն վարչական շրջանի տխուր իրավիճակը, որ ի դեպ խրոնիկ է:
Որպէս վերջին պատահար, անշուշտ տեղեակ էք, թէ Նուբարաշէնի աղբավայրին մէջ հրդեհ բռնկած էր հոկտեմբերի 10–ի գիշերը, մուխի, ծուխի եւ գարշահոտութեան մատնելով մեր սիրելի մայրաքաղաքը:
Մինչ դուք եւ Ձեր պատկանած քաղաքական խումբը վերջին հրդեհի փաստը պատահական չէք նկատեր՝ տողատակին մէջ մատնանշելով ընդդիմութիւնը, վերջինս իր հերթին Ձեզ է, որ կը մեղադրէ անփութութեան մէջ: Քաղաքական փոխ-ցեխարձակումներէն բացի կան անշուշտ քաղաքացիին աւելի եւս հետաքրքրող կամ յուզող պարագաները, որոնք են՝ մեր մայրաքաղաքին սպառնացող կենսոլորտային աղէտն ու անկէ բխելիք առողջապահական լուրջ խնդիրները:
Այս բոլորէն վեր եւ անդին սակայն, այս տողերը գրողիս համար կայ այլ մտահոգութիւն եւ ընդվզում, որ ունի բարոյական ենթահող, ինչ կը վերաբերի Նուպարաշէնի անուան ու անոր խորիմաստ գոյութեան:
Ժամանակին քաղաքային աւան, այսօր մայրաքաղաքի վարչական շրջաններէն մէկը դարձած Նուբարաշէնը ափսոս, որ մեր օրերուն, առաւելապէս հանրութեան յայտնի է այնտեղ տեղակայուած բանտով, հոգեբուժարանով, գերեզմանոցով եւ մանաւանդ աղբանոցով, որ ոչ միայն պատիւ չի բերեր անոր անուան, այլ նաեւ լուրջ անարգանք է անոր Մեծ բարերարի անմեռ յիշատակին:
Ոմանց համար կրնայ այլեւս մոռցուած պատմութիւն ըլլալ, թէ Նուպարաշէնի կառուցումը կապուած է հայ ազգային բարերար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադիր նախագահ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի անուան ու հայրենասէր գործունէութեան հետ։ Ան արժանաւոր որդին էր Եգիպտոսի նման մեծ երկրի մը առաջին վարչապետ Նուպար Փաշային: Պօղոս Նուպարի նախահայրերը սերած են Ղարաբաղէն Կոնստանդնուպոլիս գաղթած վաճառական Մկրտիչ Նուպարի Մելիքեանի ընտանիքէն:
Հայ ազգի համար ամենաբախտորոշ ժամանակահատուածին Պօղոս Նուպարը ինքզինք նետած էր ազգային-քաղաքական յորձանուտ. Ան ղեկավարեց սփիւռքահայ ազգային պատուիրակութիւնը Փարիզի՝ յետ Ա. Աշխարհամարտ խաղաղութեան վեհաժողովին: Հայաստանի և հայ ժողովուրդի համար ծանր ժամանակներ էին: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութեան բեկորները ապաստանած էին ինչպէս աշխարհով մէկ, նաեւ անշուշտ Արեւելեան Հայաստան: Պատերազմը, սովը, աւերները, համաճարակները կը հնձէին Հայ ժողովուրդի մնացորդածի կեանքերը: Եւ մինչ Եւրոպական պետութիւնները Հայ ժողովուրդի խնդիրներուն կը վերաբերէին սոսկ իրենց գերպետական շահերէն ելլելով, Պօղոս Նուպարի պէս Մեծ Հայ մը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ:
ՀԲԸՄիութեան միջոցաւ աշխարհասփիւռ հայու բեկորներուն օգնութեան անզուգական ձեռք մեկնելուն զուգահեռ, անոր ուշադրութիւնը նաեւ կեդրոնացած էր Հայրենի նորաստեղծ պետութեան վրայ, մեծ յոյս կապելով անոր գոյութեան ու գոյատեւումին անժամանցելի կարեւորութեանը:
Հետեւաբար, Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Պօղոս Նուպար իր օգնութիւնը առաջարկեց Հայրենի պետութեան: Հայրենադարձութիւնը խթանելու տեսլապաշտ մօտեցումով, ան Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան առաջարկեց Երեւանի շրջակայքին մէջ աւան մը կառուցել, անոր համար ամերիկայութեան կողմէ հանգանակուած անբաւարար գումարին վրայ աւելցնելով իր իշխանական նուիրատուութիւնը: Պօղոս Նուպարի հիմնական նպատակն էր Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենադարձութիւնը։
Առաջարկը ընդունուած էր: Աւանը 1930ին արդէն սկսաւ կառուցուիլ: Յատակագիծի հեղինակը ականաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանյանն էր: Հայ մեծ ճարտարապետը երկու տարի անձամբ հետեւելով հայրենադարձներու համար կառուցուող բնակավայրի շինարարական աշխատանքներուն, շուտով իրականութիւն դարձուց այն:
Երախտապարտ Հայ ժողովուրդը այդ աւանը իր Մեծ զաւակին անունով կոչեց՝ Նուպարաշէն: Ափսոս, որ սակայն 1937-ին Ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն, աւանը ստացաւ Սովետաշէն անունը:
Անցան տարիներ: Վերջապէս անկախացած Հայաստանի կառավարութիւնը նշեալ աւանը արդարօրէն վերանուանեց իր նախկին՝ Նուպարաշէն անունով, եւ շուտով ան դարձաւ Երեւան քաղաքի լիարժէք վարչական շրջան մը: Անոր կեդրոնական այգիին մէջ 2001 թուին, արժանաւորապէս կանգնեցաւ քանդակագործ` Տիգրան Արզումանյանի եւ ճարտարապետ՝ Է. Աբաղյանի աշխատանքը հանդիսացող՝ Մեծ բարերարին կիսանդրին:
Յարգելի պարոն քաղաքապետ,
Որպէս Հայ մարդ, Հայաստանի քաղաքացի եւ Պօղոս Նուպարի հիմնած Մեծ Միութեան արդեն 90-ամեայ դրօշակակիրը հանդիսացող թերթին՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ին խմբագիրը, կոչ կ՛ուղղեմ Ձեզի համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու փրկելու անմխիթար կացութիւնը: Ժամանակն է կոտրելու այն բացասական պատկերացումները, որոնք հայրենաբնակ հանրութեան մօտ կը յառաջանան այսօր «Նուպարաշէն» բառը լսելով։
Նուպարաշէնը իր բարերարին տեսիլքով ու Թամանյանի արուեստով նախագծուած էր որպէս Ազգային Երազանք, մինչ ան այսօր վերածուած է ազգային ամօթի:
Նախաձեռնութիւնը Ձերը պէտք է ըլլայ գուցէ նաեւ վերջ տալու վերջին հրդեհին յառաջացուցած ցասումին, անկախ ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ:
Նուպարաշէնը պէտք չէ, որ մնայ աղբանոց, ոչ ալ տխուր բաներ յուշող տեղավայր:
Ինքզինք յարգող պետութիւններու մեծ քաղաքները ունին աղբի վերամշակման համար շատ յաջող եւ շահաբեր, ինչպէս նաեւ կենսոլորտապաշտպան ձեռնարկներ: Այս մասով, ինչպէս նաեւ շրջանը մեծապէս զարգացնելու եւ հայրենադարձութեան նոր խթան հանդիսացնելու համար, ես վստահ եմ, որ Ձեզի կրնայ զօրավիգ կանգնիլ Պօղոս Նուպարի շարաւիղը հանդիսացող, անոր հիմնած Մեծ Միութեան՝ ՀԲԸՄ-ի այսօրուայ ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, եթէ իրենց ներկայացուի թափանցիկ, գործնական եւ նպատակասլաց ծրագիր:
Յարգանքով,
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յ․Գ. Սոյն պաշտօնական նամակը գրած եմ Արեւմտահայերէն լեզուով եւ ուղղագրութեամբ, նախ՝ որպէս սկզբունքային հարց, ապա՝ լիարժէք օգտագործած ըլլալու համար Մեծ բարերարին խօսած ու գրած մայրենին: