Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ատրպէյճան պիտի պահանջէ, ՔՊ-ականները պիտի տան: Մեր ժողովուրդէն խաւ մըն ալ պիտի շարունակէ ծափահարել «ազգընտիր»-ը». «Ասպարեզ»

Հոկտեմբեր 17,2025 10:48

«Ուրա՜խ լեր», հա՛յ ժողովուրդ: Կաղանդ պապուկը այս տարի քեզի պիտի այցելէ ամանորէն ամիս մը առաջ, Դեկտեմբերի առաջին օրը, եւ մե՜ծ նուէր մը պիտի բերէ քեզի. Մինսքի խումբը պաշտօնապէս լուծուած պիտի հռչակուի: Անկէ ետք, ՔՊապետ Փաշինեան եւ իր «խաղաղասէր»ները ամբողջովին գլուխ-գլխի պիտի մնան իրենց ատրպէյճանցի եւ թուրք արխատաշներուն (եղբայրներուն) հետ, որպէսզի միասնաբար չափեն ու ձեւեն, թէ նոր զիջումներու եւ նահանջներու քարտէսը ի՞նչ ձեւ պիտի ստանայ: «Ասէ՛ք, կ’անենք»ը նոր հորիզոններու առջեւ պիտի գտնուի:

Մի՜ հաւատաք այն չարխօսիկներուն, թէ այս բոլորը կը կատարուին ատրպէյճանցիներու – եւ թուրքերու – պահանջով: Մինսքի խումբին լուծարքը (եւ զիջումներու ամբողջ մանկեակը) կը բխի Հայաստանի շահերէն: Իսկ եթէ յիշող կայ, թէ այդ խումբին առաքելութիւնը Արցախի հարցին կարգաւորումն էր, անոնք սխալ ճամբու մէջ են, քանզի ՔՊապետը օր մըն ալ սուրբ հոգիին այցելութիւնը վայելեց (դուք ալ կը կարծէիք որ Ալիեւի պահա՞նջը կը կատարէր) եւ յայտարարեց, որ Արցախը «էն գլխէն» (հոգիիդ լո՜յս իջնէ, Սայա՛թ Նովա) Ատրպէյճանի պատկանած է, այլեւս մենք անոր հետ կապ չունինք: Ո՛չ հող, ո՛չ բանտարկեալ-գերի, ո՛չ բռնագաղթ ու նորագո՛յն ցեղասպանութիւն, ո՛չ յուշակոթողներու փճացում ու եկեղեցիներու մզկիթացումը կապ ունին մեզի հետ: Եւ ինչպէս որ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ կ՛աւետէր, թէ Միջին Արեւելքի երկնակամարիր նոր արեւ կը ծագի, նման արեւ մըն ալ պիտի ծագի Հայաստան-Ատրպէյճան (եւ Թուրքիա) յարաբերութիւններուն վերեւ: Պատերազմները պիտի դադրին, Ատրպէյճան պիտի պահանջէ, ՔՊականները պիտի տան (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու անհատնում ցանկը) առանց դիմադրութեան, խաղաղութեան անունով պիտի շարունակեն մեր ժողովուրդը խաբել, թէ ատրպէյճանցիները նախապայմաններ չունին (Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նախապայմանի ակնարկութիւնը արդեօք պաշտօնազրկման պիտի հասնի՞), ու մեր ժողովուրդէն խաւ մըն ալ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, պիտի շարունակէ ծափահարել «ազգընտիր»ը: Չարխօսիկ են բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ Արցախի մէջ հիմա խաղաղութիւն կը տիրէ… բռնագրաւման եւ հայաթափման շնորհիւ, թէ՝ նման խաղաղութեան աղաւնիի մը թեւերը վաղը կրնան սաւառնիլ Հայաստանի վերեւ, սկսելով Սիւնիքէն: Հոն ալ մի՜ հաւատաք ձեր աչքերով տեսածին («Զանգեզուրի միջանցք»ի ատրպէյճանական տեսակէտին իրականացման), այլ վստահեցէ՛ք ՔՊականներուն, թէ ատանկ բան գրուած չէ գրաւոր փաստաթուղթերու մէջ: Իսկ եթէ չէք մոռցած, որ ատրպէյճանական կողմը հովին տուած է բազմաթիւ ստորագրուած համաձայնագիրները, արդէն ձեր մեղքերը բազմապատկած կ՛ըլլաք…

***

Մինսքի խումբին լուծարքի թուականին հրապարակումը բողոքի եւ դժգոհութեան սպասուած ալիքը բարձրացուց հայկական երկինքներու տակ, սակայն ՔՊականները իրենց աճպարարի գլխարկէն նոր նապաստակ մը նետեցին հրապարակ եւ ձեւով մը լուսանցք քշեցին այդ ալիքը:

Ի՞նչ կը կոչուի այդ նապաստակը: Անիկա կը կոչուի Եկեղեցւոյ – եւ առհասարակ ընդդիմադիրներու – դէմ հալածանքի նորագոյն արշաւ: Թեմակալ առաջնորդներու, ճանչցուած բարերարի մը, քաղաքապետերու եւ այլ ընդդիմադիրներու դէմ արշաւի օղակներէն ետք, Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի լուսաբացը «խաղաղութեան արեւը» ուրիշ ձեւով փայլեցուց Հայաստանի երկինքին մէջ, յիշեցնելով այն արեւները, որոնք համայնավարներու օրով կը փայլէին «կարմիր հայրենիք»ին վերեւ: Նոր թիրախը՝ Արագածոտնի թեմական շրջանն էր. առաջնորդը՝ Մկրտիչ սրբազան, 11 քահանաներ եւ քաղաքային ծառայողներ (յայտնապէս հնարովի մեղադրանքներով) հարցաքննութեան տարուած են, քննութիւն բացուած է տարբեր կասկածներով, որոնք (յայտնապէս) կը հիմնուին իշխանութեան գործակալները դարձած աշխարհիկ ու կրօնաւոր «հերոսներու» ցուցմունքներուն վրայ:

Էջմիածինի հակազդեցութիւնը նման էր նախընթաց հալածանքներուն եւ բանտարկութիւններուն առիթով հնչած դատապարտանքին, գտաւ բազմաթիւ ձայնակցողներ: Մեկնաբաններու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ, որ այս քայլերը կ՛առնուին՝ Ատրպէյճանի կրօնապետ Փաշազատէի սպառնական մեղադրանքներէն երկու օր ետք: Հոս ալ ՔՊականները կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ ատրպէյճանական կողմը կապ չունի եղածին հետ, այսինքն՝ ատրպէյճանական արիւնոտ ու դաւադիր ձեռքերը լուալու մրցավազքը կը շարունակուի, հոգ չէ թէ այս ու նման արարքներ կը լեռնացնեն այն փաստերը, որ այս արարածները լիովին լծուած են ատրպէյճանական սայլին, այն ակնկալութեամբ, որ սայլապանը զիրենք պիտի առաջնորդէ… յառաջիկայ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալուն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031