Լրահոս
Տեռորը սաստկանալու է
Օրվա լրահոսը

«Ազգընտիր» վարչապետը կը տառապի հոգեբանական կուրութենէ, իսկ Սպիտակ Տան վարձակալը՝ բնածին մեծամոլութենէ․ «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 18,2025 09:30

Զբօսաշրջիկներուն համար դրախտավայր մըն է Շարմ էլ Շէյխ քաղաքը, որ կը գտնուի Եգիպտոսի ասիական հատուածին՝ Սինայի թերակղզիին հարաւը, Կարմիր ծովու Շէյխ ծոցի ափին, հռչակուած է իբրեւ այդ ծովուն հարսը եւ ստացած՝ Շարմ էլ Շէյխ անունը։
Սակայն միայն լողացողներու, սուզուողներու եւ ամբողջ տարին իբրեւ ամառ վայելող զբօսաշրջիկներուն համար չէ այս քաղաքը, այլ նաեւ հռչակաւոր է իր գագաթնաժողովներով, որոնք կը միտին խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանէն ներս։ Պաղեստինին առընչուող բանակցութիւններուն մեծ մասը տեղի ունեցած է այս քաղաքին մէջ։ Չէ մոռցուած, որ Եգիպտոսի նախկին ղեկավար Հիւսնի Մուպարաք իր հրաժարականը ներկայացուց Շարմ էլ Շէյխի մէջ։

Հոկտեմբեր 13-ին, անգամ մը եւս աշխարհի կիզակէտն էր Սինայի այս զբօսաշրջային, հրապուրիչ քաղաքը։ Թրամփեան իւրայատուկ ոճով արագ դասաւորում մը՝ եւ յայտարարուեցաւ Կազայի պատերազմին աւարտը։ Ինչպէս որ խոստացած էր, թէ ամսական դրութեամբ պիտի հաշտեցնէ թշնամի երկիրներ, Սպիտակ Տան վարձակալութիւնը վերցնելէ ութ ամիս ետք, ահաւասիկ ութերորդ պատերազմի աւարտն է, որ կը կարծէ, թէ իրականացուցած է։

Հետաքրքրականը այն է, թէ ան Կազայի այդ ահաւոր պատերազմն ու կործանումը կասեցնելու համար, Թրամփ այդ օրը չէր բաւականացած շրջանին մէջ գործող երկիրներով, այլ կարգ մը մեծերու կողքին, հրաւիրած էր վարիչները բոլոր այն երկիրներուն, որոնց մղած պատերազմները, ըստ իր հաւաստիացումին՝ աւարտած էին։

Տեսարանը յար եւ նման էր տարիներ առաջ պատկերասփռուող՝ Թրամփի սարքած «Սկսնակը» («The Apprentice») յայտագիրին: Բայց պէտք է աւելցնել, թէ այս անգամ ներկայացուողը պարզ յայտագիր մը չէր, այլ աւարտականի հասած սկսնակներու վկայականաց բաշխում։ Շատերու համար, բարդ ու դժուար լուծուելիք հարցեր չէին ներկայացուած, այլ անոնք ժամանած էին «օրհնութիւն» ստանալու «սուրբ փրկիչ» Թրամփէն, յուսալով, որ հաւանական սեղանէն պատառիկներ հասնին իրենց։ Անշուշտ, այս կատակերգութենէն զերծ չմնաց Հայաստանը, յանձին վարչապետ Փաշինեանի։ Ուշագրաւ էր այն ակնթարթը, երբ հրաւիրեալներուն առջեւը նստած Թրամփ ետին կը նայի ու Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հետ զրուցելով՝ կը վերյիշեցնէ, թէ մէկ ժամէն լուծած է 32 տարուան պատմութիւն ունեցող պատերազմ մը։ Ընդհանրապէս արհամարհական ոճով, ան փորձած է տասնեակ հրաւիրեալներուն մէջէն նշմարել Փաշինեանը, որ աւելի ուշ նաեւ լուսանցքի մէջ նետուեցաւ եւ մինչեւ իսկ ներկայութիւնը չզգացուեցաւ, երբ հակառակ բազմաթիւ ճիգերու, ան չկրցաւ գրաւել բազմազբաղ Թրամփի ուշադրութիւնը ։ Եթէ մասնագէտ հոգեբոյժի մը հարց տրուի, ան վստահաբար պիտի պատասխանէ, թէ «ազգընտիր» վարչապետը կը տառապի հոգեբանական կուրութենէ (psychological blindness), իսկ Սպիտակ Տան վարձակալը՝ բնածին մեծամոլութենէ (megalomania):

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031