Քոնկրեսի «Փիս Էքթ»-ին առնչութեամբ Հայ դատի դիրքորոշումը նենգափոխուած ձեւով կը մեկնաբանուի եւ շրջանառութեան մէջ կը դրուի, յատկապէս հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ Հայ դատի համակարգը հարուածելու նպատակով: Արձանագրենք, որ կայ հետեւողական վարքագիծ վարկազրկելու Հայ դատի աշխատանքները` զանոնք ներկայացնելով իբր թէ հակապետական աշխատանքներ:
Անկախ անկէ, որ Հայ դատ հասկացողութիւնը այսօր կը ներկայացուի իբրեւ ժամանակավրէպ, առաւելապաշտ եւ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հակադրուած հայեցակարգ եւ համակարգ, կայ ծրագրուած եւ պետական մակարդակի վրայ կիրարկուող քաղաքականութիւն` իբր թէ շեշտելու Հայ դատի հակապետականութիւնը` ոչ միայն հայրենիքի մէջ, այլ նաեւ հիմա սփիւռքի տարածքին տարհամոզելու հասարակութիւնը: Մինչդեռ պետութեան բացակայութեան ամբողջ տասնամեակներուն պարզ է, թէ Հայ դատն է, որ իր կառուցակարգով կիրարկած է բացակայող պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման առաջադրանքներուն առումով: Հիմա` պետութեան ներկայութեան ժամանակահատուածին, Հայ դատը կը շարունակէ իր վրայ վերցնել այն բոլոր գործառոյթները, որոնք սկզբունքով պէտք է իրականացնէր հայկական դիւանագիտութիւնը:
Առանց խորանալու իրաւական մանրամասնութիւններուն մէջ, բացատրենք նենգափոխումի հիմնական առանցքը: «Փիս Էքթ»-ը կը խօսի ազրպէյճանական ուժանիւթային կեդրոններու դէմ կիրարկելի պատժամիջոցներու մասին, եթէ Ազրպէյճան խախտէ համաձայնութիւնները եւ դիմէ յարձակումի:
Խնդիրը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ կը խօսին հետագային կատարուելիք խախտումներուն մասին եւ միայն այդ պարագային կը սպառնան պատժամիջոցներ կիրարկել: Այս` պարզ տրամաբանութեամբ, կը նշանակէ, որ ուաշինկթընեան հռչակագիրին առիթով Ազրպէյճանի նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութեան կրճատումի արգելքի վերացումէն ետք հիմա կը յուշուի, որ եթէ ամերիկեան երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնները խախտէ Պաքուն, ապա իրեն կը սպասեն նոր պատժամիջոցներ:
Կարդացեք նաև
Ական կայ այստեղ անշո՛ւշտ: Բանաձեւի պատժամիջոցներ կիրարկելու եւ Պաքուն զսպելու կանխազգուշացումը հասկնալի է: Բայց երբ կը խօսուի միայն յառաջիկային կայանալիքներուն մասին, կը ջնջուի ամբողջ թղթածրար մը, որ լի է ռազմական յանցագործութիւններով, ցեղային զտումներով, ցեղասպանական քաղաքականութեամբ, շրջափակումով, սովամահութեան դէպքերով, յարձակողապաշտութեամբ եւ մշակութային ջարդերով:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում