Դարաւոր թշնամիներու հետ ձեւական հաշտութիւնները չափազանց փխրուն են և դիւրաբեկ եթէ չմիաւորենք եւ չամրացնենք մեր դարաւոր ժողովուրդին բովանդակ ներուժը:
Իրավիճակը ընդվզեցուցիչ է այլեւս, իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն՝ որոնց ընդմէջէն, Մայր Աթոռին դէմ ներկայիս շղթայազերծուած՝ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր տարողութեամբ աննախադէպ եւ անընդունելի գրոհը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր կարգին պարտի դուրս մնալ ներքին քաղաքական վէճերէն եւ հաւատացեալները աւելի եւս մղէ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու Հայոց Պետականութեան:
Իշխանութիւնները իրենց հերթին, պարտին առաջնահերթութիւն սեպել ներքին համերաշխութիւնը ամրապնդել ինչպէս նաեւ կրկնապատկել Հայոց Բանակին ռազմական կարողութիւնները, անկախ կնքուած կամ կնքուելիք՝ սոսկ թուղթի վրայ գրուած դիւրաբեկ համաձայնագրերէն:
Կարդացեք նաև
Իշխանութիւնները պարտին կազմակերպել եւ իմաստաւորել Սփիւռքի կարողականութիւններէն լաւագոյնս օգտուելու աշխատանքը, յօգուտ Հայրենիքին:
Սփիւռքը իր կարգին պարտի աշխարհատարած իր ներկայութիւնը նպատակայարմար կերպով ծառայեցնել միջազգային ընտանիքի մօտ հայանպաստ եւ Հայաստանամէտ դիրքորոշումներ յառաջացնելու համար:
ՀՀ Իշխանութիւններ, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցուոյ օծեալ եւ նուիրեալ հայրեր, Հայաստանաբնակ հայեր եւ Սփիւռքահայութիւն. Մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմագրաւած այս աննախադէպօրէն դժուար օրերուն, մեր ըրածներուն եւ չըրածներուն համար, բոլորս հաշուետու ենք Աստուծոյ եւ պատմութեան առջեւ ՝ Այսօր եւ Ապագային:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ