Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնիի կողմէ եւ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում կայացաւ իր ու վարչապետին միջեւ՝ մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը ընդգրկեց հետեւեալ մարզերը.- Լիբանան, Սուրիա, Միջին Արեւելք, Հայաստան, Պաղեստին ու Կազա: Յիշեալ մարզերուն առնչուած Վեհափառ Հայրապետը պարզեց իր մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները՝ ընդառաջելով վարչապետի փափաքին:
Նորին Սրբութեան կողմէ յատուկ կերպով արծարծուեցաւ Արցախի ու Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրէն կերպով բանտարկուած Արցախի ղեկավարութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց Գանատայի վարչապետին, որ յատուկ աշխատանք տանի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու ինքնիշխանութեան իրաւունքի վերահաստատման եւ Արցախի կրօնական-մշակութային կոթողներու պահպանման գծով:
Յիշեալ հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Խորէն Տիմիթեան, հայ դատի համահայկական յանձնախումբի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր Ռաֆֆի Տօնապետեան:
Կարդացեք նաև
Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսություն