Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ ընտրուիլը մշակութային մօտեցումներէն անդին քաղաքական շարժառիթներ ունի անշուշտ:
Այս տեղեկութիւնը կը մթագնի, երբ իրազեկ դառնանք միւս երեսին. նոյն կառոյցին անդամ ընտրուած է նաեւ Ազրպէյճանը: Այս հաւասարեցումը պատահական չէ եւ անշուշտ քաղաքական շարժառիթներ ունի:
Մշակութային ժառանգութիւն նենգափոխող, հայկականը աղուանական ներկայացնող, ճարտարապետութիւն փոխող եւ ամբողջ մշակութային պատմութիւն վերաշարադրող պետութիւն մը անդամ կ՛ըլլայ այն համաշխարհային կոմիտէին, որ կոչուած է երկրագունդի մշակութային արժէքներու ներկայացման եւ պահպանման գործով զբաղելու:
Այս բոլորը պարզ են Ազրպէյճանի թեկնածութիւնը պաշտպանած եւ ապահոված կողմերուն համար: Սկզբունքով պարզ են նաեւ Երեւանի իշխանութիւններուն համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային կոմիտէի Երեւանը ներկայացնողը ա՛յս մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ առաջին հերթին:
Կարդացեք նաև
Պաքու մեկնած եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ հանդիպումներու մեկնարկ տուած Երեւանի ներկայացուցիչները իրենց ամփոփիչ խօսքերուն մէջ չեն անդրադարձած ցեղասպանութեան ենթարկուած մշակութային ժառանգութեան: Ակնարկելը, որ Արցախի, ինչպէս Նախիջեւանի մէջ ամբողջ ժառանգութիւն մը բնաջնջուեցաւ, կրնար «ռազմատենչ» նկատուիլ եւ «սպառնալ» Հայաստանի գոյութեան: Չի բացառուիր, որ չյայտարարուած նախապայմաններէն մէկը այս բոլորին մասին յայտարարութիւններ չկատարելն է, հայցեր չներկայացնելը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ այս հարցերով պէտք է առերեսուին համաշխարհային կոմիտէի հայ եւ ազրպէյճանցի անդամները: Որովհետեւ նոյնքան յստակ է, որ Ազրպէյճանը այս անգամ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պիտի ներկայացնէ իբրեւ աղուանական, ուտիական. ընդգծելու համար, որ այնտեղ ոչինչ եղած է հայկական: Հայկական կողմը պէտք է համարժէք պատրաստուի իրեն դէմ արդէն իսկ յայտարարուած մշակութային պատերազմին:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:


















































