Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տարեդարձին օրը: Անսպասելի՞ էր, որ ՔՊ-ապետն ու իր ուսապարկերը բռնագրաւէին Եօթը Վէրք եկեղեցին, արտաքսէին տեղւոյն քահանաները եւ իրենց թմբուկը նուագող հոգեւորական մը խորան բարձրացնէին, որպէսզի պատարագէ եւ, ենթարկուելով ինքնակոչ «կաթողիկոս»-ին, «թեմական առաջնորդ»-ին, այսինքն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին՝ դուրս գայ կանոնական ընթացքէն ու չյիշատակէ Կաթողիկոսին անունը: Այս բոլորին լոյսին տակ, այդ եկեղեցին դարձաւ ո՛ւթ վէրքով եկեղեցի…
Եթէ անակնկալի եկողներ կան, ա՛յդ է… անակնկալը, որովհետեւ մասնաւորաբար վերջին շաբաթներուն, չըսելու համար իշխանութեան ղեկին նստելէն ասդին, այս արարածը ամէն քայլափոխի ոտնատակ ըրած է ԱՄԷՆ ՕՐԷՆՔ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, սկսելով Սահմանադրութենէն մինչեւ արդարադատութեան սկզբունքները, պաշտպանական համակարգը, Եկեղեցւոյ դարաւոր դրութիւնները, մեր ամբողջ պատմութիւնն ու երկրի աշխարհագրութիւնը, կ’աշխատի բռնի կերպով իր դաւադիր սայլին լծել ամբողջ ժողովուրդը…
Առաջին անգամը չէ, որ ՔՊ-ական խմբակը նման բռնարարքի կը դիմէ, կ’աշխատի նոր չափ-ձեւ տալ մեր եկեղեցական օրէնքներուն ու ընկալեալ դրութիւններուն: Ամէն մարդ կը տեսնէ, եւ ճի՛շդ կը մեկնաբանէ, թէ այս ապօրինութիւնները կ’ըլլան իբրեւ մէկ օղակը՝ ընտրապայքարին: Տագնապը շատո՜նց դուրս եկած է Կաթողիկոսի անձին շուրջ վէճերու սակարանէն, դարձած է Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութիւն մը: Եւ ճիշդ կ’ըսեն բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնեն, թէ եղածը շատ աւելին է, քան ինչ որ ըրած են դրսեցի բռնագրաւողներն ու բռնակալները…:
Գիւմրիի 7 Դեկտեմբերի դէպքը նորագոյն – չըսենք՝ աւելորդ – ապացոյց մըն է, որ իշխանութիւնը պահելու համար, այս «ազգընտիր»ը իր գործակիցներուն հետ վաղն ալ ամէն տեսակի ապօրինութեան, օրէնքներու բռնաբարման պիտի դիմէ, յենելով իրեն վարձկան դարձած ոստիկաններուն եւ ուժայիններուն, կանգ պիտի չառնէ ընտրական խախտումներու առջեւ, պետական գանձը պիտի գործածէ ըստ կամս, պիտի հնարէ նոր ապօրինութիւններ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ հոս արձանագրելը իմաստ չունի:
Կարդացեք նաև
***
Անակնկալը, սպասուող անակնկալը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռենք եւ անպայմա՛ն պէտք է գտնենք, պէտք է իրականանայ: Այդ ալ՝ ժողովրդային զանգուածներուն – եւ ո՛չ միայն ընդդիմադիրներուն – ձեռքերուն միացումն է, որպէսզի ազգակործան խմբակը անյապաղ վտարուի երկրի վարչական համակարգէն (իսկ Եկեղեցին ազգի մէկ մասնիկն է): Պէտք է աչք ու ականջ, նաեւ միտքերու պատուհանները լայն բանալ, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ «Եկեղեցին պիտի բարեկարգենք» ըսողները ո՛չ միայն այդ իրաւունքը չունին, այլ նաեւ համապատասխան գիտելիքը չունին իրենց ըրածին մասին (անոնգ գործակատար դարձած եկեղեցականներու մասին ալ «գովեստի սակարան»ը բարձր է). եւ հոս, «չի քալեր» այն բարեմիտ մտածումը, թէ «պէտք է ներել, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ’ընեն», քանզի շա՛տ լաւ գիտեն թէ ինչ կ’ընեն, լա՛ւ գիտեն, թէ ո՛չ միայն կը քանդեն Եկեղեցին՝ ազգի կարեւորագոյն բերդը, այլ նոյնինքն հայրենիքն ու ազգը. կը մնայ, որ մեր ժողովուրդն ալ լիարժէքօրէն իրազեկ դառնայ չարիքներուն, միանայ ԳՈՐԾԻՆ:
…Իշխանախումբը վաղը կրնայ աւելի վատ քայլերու հասնիլ, ինչ որ հրամայական եւ անյետաձգելի կը դարձնէ մեր ակնարկած անակնկալին մարմնաւորումը: Իսկ թէ Երկրաշարժէն 37 տարի ետք, ա՛յդ վէրքին կարգ մը հետքերը ինչո՞ւ չեն դարմանուած՝ բոլորովին այլ ողբերգութիւն է. անիկա հին վէրք է արդարե՛ւ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:


















































