Հայ Առաքելական Եկեղեցին որպէս կառոյց, դարերու ընթացքին պահպանած է հայ ինքնութիւնը: Ատեններ շարունակ երբ մեր ժողովուրդը անկախ հայրենիք չունէր, Հայ Եկեղեցիին շնորհիւ էր որ մենք եւ մեր նախորդները մնացինք որպէս հայ եւ որպէս Քրիստոնեայ: Տրուած ըլլալով որ հայութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ անդամակցութիւնը լայն մեծամասնութեամբ կ’ապրին Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, Հայերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը տեսնենք որպէս մեր հոգեւոր կեանքի կեդրոնը: Մեր Եկեղեցին պարզապէս քրիստոնէական դաւանանք մը չէ: Անոր հիմքերը կ’երկարին մինչեւ Սուրբ Թաթէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս, Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն երկուքը եւ ի վերջոյ մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Մեր Եկեղեցական առաջնորդութիւնը մասնակից էր Նիկիոյ Առաջին Եկեղեցական Խորհուրդին եւ անկէ ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է համաշխարհային քրիստոնէութեան համար:
Ճիշդ նոյն կարեւորութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածինը, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս բայց կը ծառայէ հաւատացեալներուն աշխարհի տարածքին, անկախ է եւ այդպէս պէտք է մնայ: Մենք կը հաւատանք որ մինչ հոգեւորականներ, քաղաքագէտներ եւ պարզ քաղաքացիներ, բոլորը իրաւունք ունին արտայայտելու իրենց անձնական տեսակէտները, պէտք է ձգել որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շարունակէ ի գործ դնել դարերու ընթացքին մեր հոգեւոր առաջնորդներուն եւ նախահայրերուն կողմէ հաստատուած գործընթացները:
Տարիներու ընթացքին, հայ սփիւռքը հենած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ անոր իրերայաջորդ կաթողիկոսներուն, նախ քան Հայաստանի անկախութեան հաստատումը եւ անկէ ի վեր, որպէսզի անոնք հոգեւոր առաջնորդութիւն ապահովեն եւ մեր հոգեւոր ինքնութեան միաւորումը պահպանեն: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը խորհրդանիշ է այս յարաբերութեան: 1906-ին Գահիրէի մէջ,Եգիպտոս, իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը եւ իր անդամակցութիւնն ու բարերարները անհրաժեշտ աջակցութիւն ընձեռած են Հայաստանին եւ սատարած են հայրենիքին, կրթական, ընկերային տնտեսական զարգացման, մշակութային եւ անշուշտ մարդասիրական աջակցութեան մարզերու մէջ: Ատիկա հիմնարար դեր կատարած է անհրաժեշտ ենթակառոյցներու շինութեան եւ բանալի հիմնարկներու զարգացման եւ յաջողութեան մէջ:
Որպէս ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի տարածքին հայութեան լայն խաւ մը, մենք կ’արձագանգենք այն խորիմաստ մտածումները եւ տրամադրութիւնը, որոնք արտայայտուած էին վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա-ի, Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի կողմէ, որոնք կոչ կ’ուղղեն բոլոր հոգեւորականութեան աջակցելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռի ամբողջականութեան եւ անկախութեան եւ յարգելու ներկայ վարչական կառոյցի ինքնավարութիւնը ըստ անոր կանոնագրութեան:
Կարդացեք նաև
Մենք վճռական հանգրուանի մը սեմին ենք, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ապագայ առաջնորդութեան վերաբերեալ խօսակցութիւնները կրնան պառակտել հաւատացեալները աշխարհի տարածքին: Այս ինքնավնաս կերպով ստեղծուած ճգնաժամը իր ազդեցութիւնը ունի հայ հաւատացեալներուն վրայ, մինչ ան նաեւ կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի փոխ-յարաբերութեան:
Մենք այս կը գրենք ոչ թէ անցեալը դատելու դիտաւորութեամբ, այլ հաշտեցման ուղղութեամբ դէպի յառաջ երթալու նպատակով: Մենք կը գիտակցինք, որ բաներ ըսուած են եւ քայլեր առնուած են, ուղղակի կամ անուղղակի, դիտաւորեալ թէ ոչ դիտաւորեալ կերպով, որոնք լաւ անդրադարձ չեն ունեցած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի կառավարութեան համար: Ներողամտութիւնը Յիսուսի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնական ուսուցումներէն են:
Այս ոգիով մեր առաջադրանքն է որ սահմանները յստակ ըլլան: Հայատանի Հանրապետութիւնը շարունակէ իր ինքնակառավարումը համաձայն իր սահմանադրութեան եւ քուէարկող քաղաքացիներու կամքին, իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շարունակէ իր ներքին կառավարման գործընթացները, պատասխանատու ըլլալով ինքնաքննութեան եւ հետագայ բարեկարգումներու: Այս մօտեցումը կը ծառայէ թէ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ աշխարհի տարածքին հայութեան շահերուն, տրուած ըլլալով որ այսպիսի ինքնազսպումը կը բարձրացնէ Հայատանի կառավարութեան վարկը յաչս միջազգային հանրութեան, ցոյց տալով անոր յարգանքը Եկեղեցւոյ անկախութեան նկատմամբ: Մենք արդէն դիմած ենք աշխարհատարած հոգեւորական բարձրագոյն առաջնորդութեան, յստակօրէն զատորոշելու հոգեւոր առաջնորդութիւնը եւ քաղաքական գործունէութիւնը: Այժմ կը դիմենք Հայաստանի կառավարութեան, որպէսզի անոնք յարգեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախութիւնը եւ ինքնավարութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի «Միութիւնը Զօրութիւն է» համոզումէն մեկնելով, նաեւ անկեղծ յարգանք ունենալով մեր զոյգ կառոյցներուն հանդէպ, որոնք կենսական են մեր համընդհանուր ազգի բարգաւաճումին համար, մենք մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք նպաստելու այդ կառոյցներուն միջեւ կառուցողական խօսակցութեան: Հաշտութեան համար ժամանակը ուշ չէ տակաւին:
ՀԲԸՄ


















































