Սիրիահայերի «Գանձասար» պարբերականը կոչ է արել Հալեպի հայերին մնալ տանը բախումների ժամանակ.
Քիչ առաջ, Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղարիպ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ.
«Վերջերս Աշրաֆիէ և Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ գտնուող ՔԱՍԱՏ-ի ուժերուն կողմէ կրկնուող խախտումներէն վերջ, որոնք ազդեցին բնակչութեան ապահովութեան վրայ, այսօր ապշեցանք միատեղ անցակէտերէն ՔԱՍԱՏ-ի պահակներու անակնկալ դուրսբերմամբ՝ առանց նախնական համաձայնեցման: Անոր յաջորդեց այդ ուժերու կողմէն բնակչութեան, ներքին անվտանգութեան ուժերու, սուրիական բանակի եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան անձնակազմի ուղղակի թիրախաւորումը:
Ուստի խորհուրդ կու տանք մեր սիրելի ժողովուրդին, յատկապէս բախումներու մօտ գտնուողներուն, խուսափիլ մարտական գործողութիւններու գօտիներուն մօտենալէ՝ որեւէ վտանգ կանխելու համար։
Մինչև հետագայ մեր յայտարարութիւնը խուսափեցէ՛ք քաղաքի կեդրոն տանող ճամբաներէն։
Կարդացեք նաև
Զերծ մնացէ՛ք բախումներու մօտակայ վայրերու մէջ հաւաքուելէ և լիովին գործակցեցէ՛ք ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ: Մարտական գործողութիւններու գօտիներուն մէջ բնակողները պէտք է մնան իրենց տուները, ապահով սենեակներու մէջ եւ չենթարկուին վտանգի:
Տեղեկատուութիւնը ստացէ՛ք միայն պաշտօնական եւ վստահելի աղբիւրներէ:
Բոլոր համապատասխան վարչութիւնները, մասնաւորապէս՝ արտակարգ իրավիճակներու, աղէտներու, առողջապահութեան, ծառայութիւններու և հասարակական հարցերու, բարձր պատրաստուածութեան մէջ են՝ արագ արձագանգելու որեւէ կացութեան:
Մենք կը հաստատենք, որ պետութիւնը չի հանդուրժեր իր քաղաքացիներուն ուղղուած որեւէ վտանգ եւ կը կանխէ զայն»:


















































