«Գանձասար». Ապահովական նկատառումով Մեռելոց յիշատակի արարողութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։
Կը խնդրուի բնակարաններէն ներս աղօթել ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Հալէպի նահանգապետ երկրչփ. Ազզամ Ղարիպ յայտարարեց. «Նկատի ունենալով ներկայ ապահովական դրութիւնը եւ շարք մը հիւանդանոցներու եւ հաստատութիւններու թիրախաւորումը ՔԱՍԱՏ-ի կողմէ, Հալէպի նահանգապետարանը Չորեքշաբթի, 7 Յունուարը արձակուրդ կը յայտարարէ հետեւեալ հաստատութիւններուն համար՝
Կարդացեք նաև
-Հալէպի պետական եւ մասնաւոր հատուածի բոլոր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն,
-Պետական հաստատութիւններուն:
Չեղեալ կը համարուին բոլոր հաւաքոյթներն ու ձեռնարկները՝ ժողովուրդի ապահովութեան համար։
Քաջ գիտենք որ այս մէկը իր անդրադարձը պիտի ունենայ ուսումնակրթական կեանքին վրայ, սակայն մեր աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն ապահովութիւնը գերադաս կը համարենք։
Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին արտակարգ իրավիճակներու եւ այլ ծառայողներ ու բժիշկներ։
Քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան խորհուրդի տնօրէնը x-ի իր էջով յայտնեց, որ նկատի ունենալով Հալէպի կարգ մը շրջաններու ապահովական պայմաններու վատթարացումը, ինչպէս նաեւ ճամբորդներու եւ օդանաւային աշխատակազմերու ապահովութեան համար Հալէպի օդակայանէն եւ դրպի Հալէն թռիչքները 24 ժամով կը դադրեցուին։
Խորհուրդը հետագայ նորութիւններուն մասին տեղեակ պիտի պահէ հանրութիւնը։




















































