Vaticannews. Մեծ է Լեւոն ԺԴ. Պապին մտահոգութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տիրող լարուած իրավիճակներուն ի տես։ Մտահոգութիւն որ Ան արտայայտեց կիրակի 11 Յունուար 2026-ի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը ողջոյնի խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող բազմահազար հաւատացեալներուն։
Սուրիա եւ Իրան
«Մրածումս կը յղեմ այս օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ պատահածին, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ, ուր կը շարունակուին լարուածութիւնները որոնք կը յառաջացնեն բազմաթիւ մարդոց մահը» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթանք արտայայտելով եւ աղօթելով` որ «համբերութեամբ մշակուին երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը հետապնդելով համայն ընկերութեան հասարակաց բարիքը»։
Ուքրանիա
Կարդացեք նաև
Լեւոն ԺԴ Պապը ակնարկեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած «ծանր» յարձակումներուն, որոնք կը «ծանրապէս կը հարուածեն քաղաքացիական բնակչութիւնը» եւ ուղղուած են յատկապէս «ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն, մինչ ցուրտ եղանակը աւելիով կը սաստկանայ» ըսաւ Ան եւ աղօթքները ապահովեցուց բոլոր անոնց որոնք կը տառապին ապա նորոգեց կոչը «կասեցնելու բռնութիւնները եւ խտացնելու` խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































