ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր Տարուան սեմին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր Տարին Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտութիւններով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապետական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ:
Մեր թեմերուն ու ժողովուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձառութիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելակերպեր ու գործելակերպեր յառաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայլեր:
Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026 տարին որոշեցինք հռչակել՝
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ


















































