Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2026-ին, լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ ու կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան՝ իր քաղաքական ու տնտեսական երեսներով, եւ յատկապէս երկրի հարաւային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վրայ:


















































