Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ ժողովուրդը պէտք է խուսափէ ռազմական գործողութիւններու բացակայութիւնը իսկական խաղաղութեան հետ շփոթելէ .«Հորիզոն»

Հունվար 22,2026 10:57

Այն իրողութիւնը, որ այսօր Ատրպէյճանը կը թելադրէ խաղաղութեան պայմանները, ընթացքը եւ ժամանակացոյցը, կը յառաջացնէ հիմնական հարցում մը. ի՞նչ տեսակ խաղաղութիւն կ՚առաջարկուի, եւ ո՞վքեր են, որ պարտաւոր պիտի ըլլան ապրիլ անոր հետեւանքներով։

Ներկայ գործընթացը պէտք է դիտարկուի իր քաղաքական համատեքստին մէջ։ Փաստ է, որ Հայաստանը բանակցութիւններուն կը մասնակցի ոչ թէ իբրեւ հաւասար կողմ, այլ իբրեւ շարունակական ճնշումներու տակ գտնուող պարտուած պետութիւն։ Անոր բանակցային դիրքը փաստօրէն տկարացաւ 2020 թուականէն ի վեր եւ առաւել եւս՝ 2023-ի Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք։ Հակամարտութիւնը չլուծուեցաւ երկխօսութեան կամ իրաւական մեխանիզմներու միջոցով։ Ան ժամանակաւորապէս «դադրեցաւ» ուժի գործադրութեամբ, որուն յաջորդեց դիւանագիտական բնականոնացման ջանքերը։ Այս գործընթացին մէջ իրաւունքը չկրցաւ կանխել բռնութիւնը, այլ ստիպուեցաւ յարմարիլ բռնութեան ստեղծած նոր իրականութեան։

Այս հանգամանքը առանձնակի կարեւոր է, որովհետեւ հարկադրանքի հետեւանքով ձեւաւորուած խաղաղութիւնը սովորաբար կը գերադասէ կայունութիւնը արդարութենէն եւ տուեալ հակամարտութեան ընթացիկ փուլի փակումը՝ պատասխանատուութենէն, փոխզիջումի հիմնական պատասխանատուութիւնը դնելով աւելի տկար կողմին վրայ։ Հայաստանի մէջ այս մոտեցումը նպաստած է այնպիսի հասարակական պատկերացման, որ այս տեսակի խաղաղութիւնը անխուսափելի է եւ այլընտրանք չունի։ Այս պատկերացումը յաճախ կը սնանի հոգնածութենէ եւ նոր պատերազմի վախէն, սակայն միաժամանակ կը սահմանափակէ քաղաքական քննարկումը։ Պայմաններու, իրաւունքներու եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան վերաբերող հարցերը առաւելաբար կը դիտուին իբրեւ անընդունելի «արկածախնդրութիւններ»։ Այսպիսով խաղաղութիւնը կը դառնայ պարտադրուած նպատակ մը՝ անկախ անոր իրական բովանդակութենէն եւ հետեւանքներէն։

Վախի արդիւնքով յառաջացած խաղաղութիւնը ի բնէ անկայուն է։ Հետեւաբար, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք է խուսափին գործուն ռազմական գործողութիւններու բացակայութիւնը իսկական խաղաղութեան հետ շփոթելէ։ Կայուն եւ երկարատեւ կարգաւորումը կը պահանջէ իրաւունքի վրայ հիմնուած ենդահող, վստահելի անվտանգային երաշխիքներ եւ օրինականութիւն։ Ան պէտք է կառուցուի իբրեւ համատեղ քաղաքական գործընթաց՝ հիմնուած արժանապատուութեան, անվտանգութեան եւ գործօն մասնակցութեան վրայ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031