ԿԼԷՆՏԷՅԼ, ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ — Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը, գործակցաբար Գալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանի Նորթրիճի (CSUN) Հայագիտական Ծրագրին հետ, կազմակերպեց յատուկ հանրային դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին մէջ, գլխաւոր դասախօսութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։
Ծրագիրը համախմբեց շրջանաւարտներ, գիտաշխատողներ, համայնքային ղեկավարներ եւ Հայկազեան Համալսարանի բարեկամներ Լոս Անճելըսի շրջաններէն։
Երեկոն բացուեցաւ ողջոյնի խօսքով Դոկտ. Վահրամ Շեմմասեանի կողմէ՝ CSUN-ի Հայագիտական Ծրագրի Tնօրէնը եւ Հայկազեան Համալսարանի Խնամակալութեան Խորհուրդի անդամ։ Ապա Դոկտ. Յասմիկ Պարան, Հայկազեան Համալսարանի Խնամակալութեան Խորհուրդի Ատենապետը, ներկայացուց գլխաւոր բանախօսը։
Վերապատուելի Դոկտ. Հայտոսթեան ներկայացուց ջերմ, խորաթափանց եւ ազդեցիկ դասախօսութիւն մը՝ «Հայկազեան Համալսարանի 70 Տարիները. Իր Համասփիւռքեան Դերն ու Պատկառելի Տեղը Պէյրութի Մէջ» խորագրով։ Ան շեշտեց համալսարանի տեւական ներդրումները բարձրագոյն կրթութեան, համայնքային առաջնորդութեան եւ համաշխարհային հայ սփիւռքի կեանքին մէջ։
Դասախօսութեան բովանդակային ամփոփումը։
Անուն մը, որ կը խօսի
Հայկազեանը կը կրէ նուիրեալ դաստիարակի, հովիւի, աստուածաբանի եւ նահատակի մը անունը։ Ան մեծ նուիրատուի մը կամ հիմնադիր նախագահի մը անունը չէ, այլ զոհողութեան։ Անոր կեանքը կը խօսի քաջութեան, հաւատքի եւ կրթութեան հանդէպ անսասան նուիրումի մասին։ Յետ Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակութեան՝ 1921-ին The New York Times-ը զինք նկարագրեց որպէս «Միջին Արեւելքի ամենայայտնի մանկավարժը»։ Անոր ժառանգութիւնը կը շարունակուի՝ ոչ միայն որպէս յիշատակ, այլ որպէս առաքելութիւն։
Կոչումով ծնած համալսարան
Հայկազեան Համալսարանը գոյութիւն ունի, որովհետեւ կրթութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Հայ Աւետարանական ինքնութեան մէջ։ Անոր կոչումն է կերտել ամբողջ մարդը՝ միտքով, հոգիով, նկարագրով եւ ծառայութեամբ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Այս համալսարանը չէ հիմնուած ժառանգուած հողերու վրայ, այլ տեսիլքով, հաւատքով եւ հաւաքական ջանքերով։ Սկիզբէն իսկ, Հայկազեանը եղած է կրթութեան ուժին հանդէպ վստահութեան կենդանի վկայութիւն։
Սփիւռքի պարգեւը
1940-ական թուականներուն համեստ ուսուցչանոցային ծրագիրներէն սկսեալ, տեսիլքը ընդլայնուեցաւ եւ գնահատուեցաւ ամերիկահայ շրջանակներուն մէջ՝ հասնելով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հաճընցի երկու մեծ նուիրատուներու՝ Փիլիպոսեան եւ Մեհակեան ընտանիքներուն։ Իտէալական պայմաններու մէջ անոնք կը նախընտրէին աջակցիլ Կիլիկիոյ մէջ հայկական քրիստոնէական կրթութեան, սակայն տեսնելով Լիբանանի հնարաւորութիւններն ու կարիքները՝ ամբողջ սրտով իրենց բաժինը բերին։ Այսպէս հաստատութիւնը վերածուեցաւ Հայկազեան Գոլէճի։ Հայկազեանը աճեցաւ համասփիւռքեան գործակցութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ։ Լիբանանէն, Միջին Արեւելքէն եւ Ամերիկաներէն հայկական համայնքները մէկ տեսիլք ունէին՝ դաստիարակել ապագայի առաջնորդները։ Այսօր Հայկազեանը տուն է բազմաթիւ երկիրներէ եկող ուսանողներու համար եւ կամուրջ մը Սփիւռքի ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։
Կրթութիւն՝ առանց սահմաններու
Սկիզբէն իսկ Հայկազեանը որդեգրեց կրթութեան միջազգայնացումը, քննադատական մտածողութիւնը եւ երկխօսութիւնը։ Իր ամերիկեան ոճի ուսումնական ծրագիրը կը համապատասխանէ համաշխարհային չափանիշներուն՝ շրջանաւարտներուն հնարաւորութիւն տալով վստահ քայլերով շարունակելու իրենց ուսումը եւ մասնագիտական ուղին ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ուժեղ միջազգային գործակցութիւններն ու շարունակական կրթութեան ծրագիրները կը հաստատեն Հայկազեանի տեղը համաշխարհային ակադեմական ընտանիքին մէջ։
Հանդիպման վայր մը
Իսկական կրթութիւնը կը պահանջէ հանդիպում՝ նոր գաղափարներու, մշակոյթներու, գիտակարգերու եւ մարդոց հետ։ Հայկազեանի մէջ բացութիւնը ինքնութիւնը չի տկարացներ, այլ կը զօրացնէ։ Հայ պատմութիւնը, հաւատքն ու արժէքները կը փոխանցուին յարգանքով եւ ամբողջականութեամբ՝ բաց դռներով բոլոր ծագումներէ եկող ուսանողներուն։ Շատ մը ոչ հայեր հոս առաջին անգամ կը ծանօթանան հայկական պատմութեան եւ կը դառնան անոր բարեկամներն ու վկաները։
Հայկական պարծանք մը
Հայկազեանը խոր պարծանքի աղբիւր է՝ ոչ միայն որովհետեւ կը կրթէ հայ երիտասարդութիւնը, այլ որովհետեւ ուրիշներ ալ զինք կը փնտռեն։ Անոր շրջանաւարտները կը ծառայեն որպէս մանկավարժներ, դիւանագէտներ, առաջնորդներ եւ մասնագէտներ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Պետական հաստատութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս UNICEF-ի, կողմէ ճանչցուած, եւ իր արեւմտահայերէն հայագիտական հրատարակութիւններով հարստացած, Հայկազեանը կը ներկայանայ որպէս վստահելի ձայն մը հայկական գիտութեան մէջ։
Խաղաղութեան տարածք մը անհանգիստ շրջանի մէջ
Բաժանումներով յաճախ նշանաւորուած շրջանի մը մէջ, Հայկազեանը ընտրած է խաղաղութիւնը։ Ան կը քաջալերէ մտածուած ներգրաւուածութիւն արդարութեան, բարոյականութեան, պատմութեան, գիտութեան եւ հաւատքի ոլորտներուն մէջ, սակայն կը մերժէ կոյր քաղաքական հպատակութիւնը։ Այս դիրքորոշումը համալսարանը պահպանած է որպէս երկխօսութեան, արժանապատուութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վայր։
Ծառայութեամբ առաջնորդող ուսանողներ
Հայկազեանի ուսանողները անցողական լսողներ չեն, այլ գործօն ծառայողներ։ Ուսանողական ակումբներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով անոնք կը պատասխանեն իրական մարդկային կարիքներու։ Օրինկա՝ 2023-ի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժէն ետք, ուսանողները անմիջապէս կազմակերպեցին մարդասիրական օգնութիւն՝ ապացուցելով, որ Հայկազեանի կրթութիւնը կը կերտէ գթասիրտ առաջնորդներ, ոչ միայն յաջող մասնագէտներ։
Ամէն ուսանողի կողքին
70 տարիներ շարունակ Հայկազեանը քալած է իր ուսանողներուն հետ՝ առատաձեռն նիւթական օժանդակութեամբ։ Միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուած են յատկապէս հայ եւ սուրիահայ ուսանողներուն, որպէսզի տաղանդն ու կոչումը չկորսուին դժուարութեան պատճառով։ Առաջնորդական ֆոնտերը հնարաւորութիւն տուած են փայլուն շրջանաւարտներու շարունակելու իրենց ուսումը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։
Ծառայութիւնը՝ որպէս կեանքի ձեւ
Հայկազեանի մէջ ծառայութիւնը պատահական ծրագիր մը չէ, այլ ամէնօրեայ կեցուածք։ Համալսարանը բաց կը պահէ իր դռները համայնքային կազմակերպութիւններու, մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ կրթական ծրագիրներու առջեւ։ Ան կանգուն մնաց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին, պատերազմի օրերուն եւ գաղթականութեան ժամանակ՝ օգնութեան ձեռք երկարելով նոյնիսկ երբ ինք իսկ վիրաւորուած էր։
Տեւական գիտելիք
Հետազօտական կեդրոններու, գիտաժողովներու, հրատարակութիւններու, թուային գրադարաններու եւ իր համալսարանական հրատարակչութեան միջոցով, Հայկազեանը կը նպաստէ տեւական գիտելիքի ստեղծման՝ հայագիտութեան եւ անկէ անդին։ Ան կը ներդնէ միտք, յիշողութիւն եւ գիտութիւն գալիք սերունդներուն համար։
Անհրաժեշտ ներկայութիւն մը
1955-էն ի վեր Հայկազեանը դիմագրաւած է պատերազմ, անկայունութիւն եւ անորոշութիւն։ Այնուամենայնիւ, ան կը մնայ յարգուած Լիբանանի բոլոր համայնքներուն կողմէ, որովհետեւ կը մարմնաւորէ հանդուրժողականութիւն, յոյս եւ ընդհանուր մարդկայնութիւն։ Հայկազեանը գոյութիւն ունի, որովհետեւ ան անհրաժեշտ է՝ ոչ միայն հայերուն, այլ ամբողջ հասարակութեան։ Վերջապէս, կրթութիւնը յոյսի գործ մըն է։
Եւ ինչպէս Արմենակ Հայկազեանը յիշեցուցած է. «Անհնար է մարդը դաստիարակել առանց սիրոյ»։
Հայկազեան համալսարանը՝ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ, իր «Ճշմարտութիւն, Ազատութիւն եւ Ծառայութիւն» նշանաբանով, հիմնուած է 1955 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կողմէ։ Ան Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է։
Լուիզա Ճանպազեան
Գլխավոր լուսանկարում՝ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան Կլէնտէյլի Գրադարանին դիմաց


























































