Vatican News. Հինգշաբթի` 22 Յունուարի երեկոյեան ժամը վեցին` Հռոմի Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքային կամարներուն տակ հնչեցին հայկական աղօթքներ ու շարականներ։ Առիթն էր Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որուն առիթով նոյն տաճարին մէջ ամէն երեկոյ քրիստոնեայ հասարակութիւն մը հովանաւորեց աղօթքը եւ այս անգամ կարգն էր Մխիթարեան Միաբանութեան կղերականներուն, որոնք կատարեցին խաղաղական ժամերգութիւնը ի ներկայութեան Պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ James Michael Harvey-ի եւ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Պենետիկտեան հայրերուն եւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն։
Խաղաղական Ժամերգութիւնը
Արարողութեան սկիզբը խօսք առաւ Հայր Անտոն Գրիգորեանը բացատրելով թէ Հայկական ծէսին մէջ ժամասացութիւններու թիւը ինը է եւ ոչ միայն եօթն, ինչպէս է պարագան լատին եկեղեցւոյ, ապա Սուրբ Ղազար Վանքի մեծաւոր` Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ու մխիթարեան միաբանութեան ժառանգաւորներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Խաղաղական Ժամերգութիւնը, որ սկսաւ «Տէր Աստուած փրկութեան» թիւ 87 սաղմոսով, որուն յաջորդեց Շնորհալիի «Շնորհեա մեզ Տէր» երգը: Ապա յաջորդաբար մաղթանք, քարոզ, աղօթք, հուսկ Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգը:
Ժամերգութեան աւարտին երգեցուեցաւ «Ի քէն հայցեմք»ը, որուն միայն առաջին երեք տուները Շնորհալիին են. իսկ վերջին երեք տուները՝ քաղուած են խաչի (Զկենդանագիր), Յարութեան (Հաղորդս արա) և Աստուածածնի (Ի նստել քո) շարականներէն:
Կարդացեք նաև
Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքը
Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին Հայր Համազասպ Քէշիշեանը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ուրախութիւն արտայայտելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան իրենց մասնակցութեան համար։
Ան ապա ակնարկեց 2026 տարուայ համար Միութեան աղօթքին համար Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն ընտրուած խօսքերուն, որոնց մէջ կը շեշտուի` յարգանքը, ներումը եւ դիմացկունութիւնը։
Հայր Համազասպը ընդգծեց ապա քրիստոնեաներու միութեան կարեւորութիւնը, որպէս Աստուածային պարգեւ, տարբերութիւններու մէջ միութիւն, ընկալելով միւսը որպէս եղբայր։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































