Այսօր՝ Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին համայնքի խորհուրդի անդամները:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի միջ-համայնքային գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները։


















































