Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այսօր Հայաստանը ճիշդ այդ բանին կը կարօտի՝ Իմաստուններու խորհուրդի մը

Փետրվար 27,2026 12:35

Տարիներ շարունակ հայութիւնը անօգնական հանդիսատեսը կ’ըլլայ հայութեան երեւելի դէմքերու միջեւ ծաւալող մտահոգիչ հանրային հակամարտութիւններուն, ուր քաղաքական տարաձայնութիւնները կը վերածուին անարգ ու անվայել քաղաքական թատերաբեմի։

12 փետրուար 2026-ին, ինը յայտնի հայեր՝ Նուպար Աֆէեան, Անթոնի Պարսամեան, Տենհամի Լորտ Արա Տարզի, Էրիք Էսրայիլեան, Վահէ Կապրաշ, Վաչէ Մանուկեան, Ժոզէֆ Օղուրլեան եւ Պերճ Սեդրակեան, «Մետիամաքս»-ի հարթակով հրապարակեցին բաց նամակ մը՝ անդրադառնալով նման սրացող հակամարտութեան մը. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի միջեւ ստեղծուած լարուածութեան։ Տարիներէ ի վեր խմորուող այս վէճը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ վարչապետը հրապարակաւ կոչ ուղղեց Եկեղեցւոյ՝ գահընկեց ընելու իր հոգեւոր առաջնորդը։

Ստորագրողները շեշտեցին, թէ «Հայ եկեղեցին հոգեւոր սնունդ կը ջամբէ համայն հայութեան», եւ պնդեցին, թէ սփիւռքահայերը պարտաւոր են դիմելու իրենց երկրներու կառավարութիւններուն՝ հայցելով անոնց աջակցութիւնը։ Այս աջակցութիւնը կրնայ ներառել քաղաքական միջոցներ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, իրաւական քայլեր՝ սփիւռքի կրօնական իրաւունքները պաշտպանելու համար։

Երկու օր ետք՝ փետրուար 14-ին, Կարո Արմէն արձագանգեց համարձակ բաց նամակով մը, որ լոյս տեսաւ «Մասիս փոստ»-ի էջերուն մէջ։ Ան կը պնդէր , թէ «հաստատութիւնները կը գոյատեւեն միայն այնժամ, երբ կը ծառայեն զիրենք պահող ժողովուրդին. երբ բեռը կը հոսի միայն մէկ ուղղութեամբ՝ դէպի վեր, հաւատքը կը վերածուի ծանրութեան»։ Ըստ անոր, Մայր Աթոռէն ներս քաղաքական տարրերը երկար ժամանակ դիմադրած էին 2018-էն ետք ծրագրուած բարեփոխումներու օրակարգին, եւ որ Եկեղեցին պէտք է ինքզինք նորոգէ հիմնական ու իսկական բարեփոխումներով։ Միաժամանակ, ան զգուշացուց, որ փետրուար 12-ի նամակով կատարուած փորձը՝ միջազգայնացնելու Հայաստանի ներքին վէճերը, կը վտանգէ երկրի ինքնիշխանութիւնը՝ աւելի խորացնելով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքը։

Այնուհետեւ, 17 փետրուարին, Կրեկ Սարգիսեան՝ սփիւռքահայ այլ յարգուած ձայն մը, «Առաւօտ»-ի էջերուն մէջ գրեց, թէ «Հայաստանի ներքին որոշումները պէտք է արտացոլեն երկրի քաղաքացիներուն կամքն ու առաջնահերթութիւնները»։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց աւելի յստակօրէն սահմանազատելու եկեղեցի–պետութիւն յարաբերութիւնները։

Այս հրապարակային միջամտութիւնները կ’արտայայտեն ոչ թէ պարզ տարաձայնութիւն մը անհատներու միջեւ, այլ աւելի խոր ճեղքուածք մը՝ հայկական հանրային կեանքին մէջ։ Սակայն հարցը կը մնայ բաց. կրնա՞ն արդեօք այս յարգուած դէմքերը, որոնցմէ շատեր վստահութիւն կը վայելեն հակադիր ճամբարներու մէջ, նստիլ նոյն սեղանին շուրջ։ Կրնա՞ն անոնք խորհիլ ու գործել իմաստութեամբ՝ զերծ հանրային դիրքաւորումներու ճնշումներէն, եւ ստանձնել կառուցողական ու կայունացնող դերակատարութիւն մը։

2025 թուականի միջազգային աշխարհաքաշաքական ցնցումները մեզի կը յիշեցնեն, թէ ոչ մէկ պետական գործիչ անսխալական է։ Նոյնիսկ ամէնէն հզօր երկրներու առաջնորդները երբեմն առած են ճակատագրական ու միակողմանի որոշումներ՝ վճարելով ատոր աւերիչ գինը։ Իմաստութիւնը հազուադէպ կը յայտնուի մեկուսացման մէջ։ Մեր հասարակութիւնները կը կարօտին զսպումներու եւ հաւասարակշռման գործիքակազմերու՝ խորհրդակցութեան, կշռադատման եւ ինքնասահմանափակման ճամբով։

Յետադարձ հայեացք մը նետելով անցեալին՝ կարելի է յիշել Հռոմի քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի հրաժարականը։ Արդեօք անիկա սոսկ յոգնութեա՞ն արդիւնք էր, թէ խղճմտանքի արարք մը. գիտակցութիւն մը, զոր այլ ձայն մըն էր անհրաժեշտ հնչեցնելու այն, ինչ իրեն յաջորդողը ըսաւ. «Ո՞վ եմ ես, որ դատեմ միասեռականները»։ Թերեւս, ի տարբերութիւն հայկական այս թատերգութեան, որուն ականատեսը կ’ըլլանք այսօր, Վատիկանի պատերէն ներս գոյութիւն ունի իմաստուններու լուռ խորհուրդ մը, որ այն ատեն յորդորած է հրաժարականը՝ յանուն ընդհանուր բարօրութեան ։

Այսօր Հայաստանը ճիշդ այդ բանին կը կարօտի՝ Իմաստուններու խորհուրդի մը։ Ոչ թէ հրապարակային հարթակի մը, ուր կը հրապարակուին մրցակցող բաց նամակներ, այլ զգուշաւոր ու սկզբունքային հաւաքի մը այն անհատներու, որոնք ունակ են վեր բարձրանալու անձնական հաւատարմութիւններէն եւ խմբակցական դիրքաւորումներէն։ Մարմին մը, որ կարողութիւնը կ’ունենայ տեսնելու ճամբարային նեղ շահերէն անդին՝ դէպի ազգային երկարաժամկէտ շահերը։

Նման խորհուրդ մը, իր ուժեղ տղամարդոց կողքին, պէտք է ներառէ նաեւ յաջողակ եւ խոհեմ կիներ, որոնց դատողութիւնն ու տեսլականը զօրացնեն անոր հաւասարակշռութիւնն ու օրինականութիւնը։

Հայաստանը կանգնած է բախտորոշ հանգրուանի մը առջեւ։ Ազգը աւելի բարձրաձայնողներու կարիք չունի, այլ՝ առաւել իմաստուններու։

 

Յովէլ Շնորհօքեան

26 փետրուար 2026

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728