«Ասպարեզ». Դառնութեամբ կարդացի «Ասպարէզ»ի Փետրուար 21ի թիւին մէջ գրուած կարճ յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր՝ «Ալիեւ Հայ Գերիները Նմանցուց Նացի Ղեկավարներուն»։
Ըստ թերթին, դէպքը կը պատահի Միացեալ Նահանգների փոխնախագահի ներկայութեամբ, ուր ուրիշ հարցերու քննութեան կողքին, նաեւ հարց կտրուի Պաքուի հայ գերիների վերադարձին մասին։
Վերջը, երբ պր․ Ալիեւ հարցազրոյց մը կունենար France 24-ի թղթակիցին հետ, ան կը յայտարարէ, թէ Արցախի նախկին առաջնորդները պիտի չվերադարձուին քանի անոնք, իբրեւ թէ լուրջ յանցանքներ կատարած են մարդկութեան դէմ, հայ գերիները նմանեցնելով Գերմանիոյ առաջնորդներուն, որոնք դատապարտուած էին նիւրնպերկեան դատարանով ու քմծիծաղով հարց կու տայ, թէ ո՞վ կրնար գալ ու այդ դատապարտուածներուն ազատ արձակումը խնդրել անոնց դատապարտումէն վերջ։
Այո՛, պր․ Ալիեւ քու այդ հարցումով դուն զքեզ դատապարտեցիր։
Կարդացեք նաև
Ձեր կողմէ անօրէն պահուող կալանաւորները՝ Արցախի օրինաւոր առաջնորդները, ոչ մէկ անգամ չեն դատապարտուած իբրեւ ցեղասպան։
Նիւրնպերկեան դատարանը չէր քններ գերմանացի զինուորական առաջնորդները իրենց պատերազմական գործողութեանց համար, իրենց դրացի եւրոպական երկիրներուն ու աշխարհի դէմ, այլ զանոնք դատապարտեցին, ինչպէս դուք կ՛ըսէք՝ մարդկութեան դէմ շատ լուրջ յանցանքներ կատարած ըլլալնուն համար եւ այդ յանցանքները հրեաներուն ահռելի ցեղասպանութիւնն էր։
Իրենց ղեկավարը՝ Հիթլերը, երբ կը հրահանգեր հրեայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, ըսաւ իր ղեկավարներուն թէ աշխարհիս վրայ «ով կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը», այն որ կատարուած էր թուրք Օսմանեան պետութեան կողմէ համաշխարհային Ա պատերազմի ժամանակ 1914ին։
Իսկ դուք, հետեւելով օսմանեան կառավարութեան ժառանգորդի օրինակին, անոր խրատին, ինչպէս նաեւ անոր օգնութեամբ, կատարեցիր հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը՝ ողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ։
Դո՛ւք դատեցէք, թէ ով կամ ովքեր են նմանը նիւրնպերկեան դատապարտուած նացի ղեկավարներուն։
Որչափ գիտեմ, Փաշինեանի վարչակարգը չէր հետաքրքրուած Արցախի գերիներու հարցով հակառակ անոր, որ ունեցան բազմաթիւ առիթներ, երբ կրնային խնդրել կամ պնդել անոնց ազատ արձակումը, բայց չրին, յայտնի պատճառներով, իսկ ներկայիս, իրենց ժողովուրդին աչքին փոշի ցանելու պէս, կ՛ուզեն ցոյց տալ, թէ իրենք կը հետաքրքրուին գերիներով, նոյնիսկ ազդեցիկ մարդոց ներկայութեան, բայց բան մը չեն կրնար ընել։ Հարց է, թէ չեն կրնար, թէ՞ չեն ուզեր։
Վ- ԱԲԷԼԵԱՆ
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































