Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Ամենամեայ Ժողովը Կը Վկայէ Անոնց Շարունակական Վերելքը
Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմը առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ․ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ եւ տեսլականով, վերջին տարիներուն շարունակաբար կ՛ընդարձակէ իր շաբաթօրեայ դպրոցներու ցանցը՝ նպատակ ունենալով սփիւռքի հայորդիներուն ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։
Այս դպրոցներուն հիմնական առաքելութիւնն է պետական կամ ամերիկեան մասնաւոր դպրոցներ յաճախող հայ մանուկներուն փոխանցել մայրենի լեզուն, հայկական մշակոյթը եւ հոգեւոր արժէքները։
Այդ դպրոցներու տնօրէններու ամենամեայ ժողովը տեղի ունեցաւ 2026 թուականի Փետրուար 28-ին՝ շաբաթ օր, Արեւմտեան Թեմի հովանիին տակ։ Ժողովին մասնակցեցան բոլոր 18 շաբաթօրեայ դպրոցներու տնօրէնները։ Ներկայացուած զեկոյցներն ու վիճակագրական տուեալները կը փաստէին, որ այս կրթական նախաձեռնութիւնը վերածուած է սփիւռքեան կեանքի կարեւոր եւ յաջողած կառոյցի մը։
Հզօրացող կրթական ցանց
Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներն այսօր կը կազմեն լայնածաւալ կրթական ցանց մը, որ տարեցտարի կը զարգանայ եւ կը ընդարձակուի։ Ամէն տարի անոր կը միանայ նոր դպրոց մը՝ այն վայրերուն մէջ, ուր հայկական համայնքը կը զգայ հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը։
2026 թուականի տուեալներով՝ այդ դպրոցներուն մէջ կը սորվին 1500-է աւելի աշակերտ, կը ծառայեն շուրջ 120 ուսուցիչ եւ մօտ 70 երիտասարդ օգնական, որոնք իրենց մասնակցութեամբ կը նպաստեն կրթական գործընթացին։
Դպրոցական օրը՝ հայկական շունչով
Շաբաթօրեայ դպրոցներու օրը կը սկսի ազգային եւ հոգեւոր մթնոլորտով։ Առաւօտեան արարողութիւնը կը բացուի Տէրունական աղօթքով, որուն կը հետեւին տնօրէնի կամ հոգեւոր հօր պատգամը, դպրոցական յայտարարութիւնները որոշ տեղեր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը։
Շատ վարժարաններ ունին նաեւ իրենց քայլերգը կամ կը որդեգրեն հայոց այբուբենին, դպրութեան կամ հայրենասիրութեան նուիրուած երգ մը՝ որպէս դպրոցական խորհրդանիշ։
Այնուհետեւ աշակերտները կարգապահ շարքերով կը շարժին դէպի իրենց դասարանները։ Գրասեղաններուն վրայ կը գտնուին Այբբենարաններ, Ընթերցարաններ եւ առաջնորդարանի ու Հայաստանի մէջ պատրաստած պատկերազարդ ու գրաւիչ դասագիրքերը։
Սակայն կրթութիւնը միայն լեզուով չի սահմանափակուիր։ Հայեցի դաստիարակութիւնը կը հարստանայ երգի, պարի, թատրոնի եւ այլ ստեղծագործական դասերով։ Որոշ դպրոցներ նաեւ կը կազմակերպեն նկարչութեան, հայագիտութեան, ճատրակի եւ ընբշամարտի դասարաններ։
Հայ մշակոյթի կենդանի օջախներ
Շաբաթօրեայ դպրոցները դարձած են հայկական մշակոյթի եւ գրականութեան կենդանի օջախներ։
Դպրոցներու կեանքը սահմանափակուած չէ միայն դասերով։ Տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն աշակերտներու ազգային ինքնութեան ամրապնդման։
Օրինակ՝ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» դպրոցը կը պատրաստուի իր պարախումբով եւ երգչախումբով մասնակցիլ քաղաքի հայկական մեծ փառատօնին, մինչ Քուփերթինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ դպրոցը կը ծրագրի կազմակերպել գրական երեկոյ՝ նուիրուած մեծ բանաստեղծ Համօ Սահեանին։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի օրինակով, համայնքին մէջ աւելի լայն տարածում կը գտնէ նաեւ «Գիրք նուիրելու օր»-ի նշումը՝ Փետրուար 19-ին, մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը։
Տօներով լի դպրոցական տարի
Շաբաթօրեայ դպրոցներու տարեկան օրացոյցը հարուստ է ազգային եւ հոգեւոր տօներով։
Դպրոցական տարին կը սկսի «Առաջին Զանգ»-ով, որուն կը հետեւին Հայ Մշակոյթի ամիսը, Թարգմանչաց տօնը, Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր տարուան հանդիսութիւնները, Վարդանանց տօնը, Տեառնընդառաջը (Տրնդեզը), Սուրբ Սարգիսի տօնը՝ աղի բլիթի աւանդոյթով, «Գիրք նուիրելու օրը», Սուրբ Զատիկը՝ հաւկթախաղով, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը, Մայրերու օրը եւ տարեվերջի հանդիսաւոր «Վերջին Զանգ»-ը։
Այս ձեռնարկներուն ընթացքին բեմ կը բարձրանան 3-էն 14 տարեկան աշակերտները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը երգեն, կը արտասանեն, կը ներկայացնեն թատերական տեսարաններ եւ կը պարեն։
Նոյն ժամանակ այդ հանդիսութիւնները յատուկ ուրախութիւն կը պարգեւեն նաեւ ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնք հպարտութեամբ կը դիտեն իրենց թոռներուն հայերէն ելոյթները։
Սոկրատեան մեթոտը դասարաններուն մէջ
Ինչպէս նշուեցաւ, տարուան ընթացքին երեք անգամ կը գումարուին շաբաթօրեայ դպրոցներու տնօրէններու ժողովներ։ Վէրջին հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ շաբաթօրեայ դպրոցներու կրթական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը։
Ան ներկայացուց դպրոցներու կրթական ծրագրի զարգացման հիմնական սկզբունքները։ Հարկ է նշել, որ դոկտ. Անդրէասեանն է մշակած դպրոցներու ամբողջական ուսումնական ծրագիրը՝ մայրենի լեզուէն մինչեւ հայկական մշակոյթի նիւթերը, դասարան առ դասարան։
Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց. «Անհրաժեշտ է զարգացնել հայեցի մտածողութիւնը եւ դասարաններուն մէջ ստեղծել ազատ մտքերի փոխանակութեան մթնոլորտ։ Աշակերտները պէտք է ունենան հարց ու պատասխանի ժամանակ, որպէսզի մտածեն, քննարկեն եւ ձեւաւորեն իրենց հայեցի մտածողութիւնը»։
Դոկտ. Անդրէասեանը նաեւ առաջարկեց ուսուցիչներուն օգտագործել դասական բանավէճի մեթոտը՝ Սոկրատեան երկխօսութիւնը, որպէս ուսուցման արդիւնաւէտ միջոց։
Նոր ծրագիրներ եւ ապագայի տեսլական
Այնուհետեւ խօսք առաւ Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեանը։ Յարկ է նշիլ, որ Յովհաննէս սարկաւագը նաեւ աշխարհի ամէնէն մեծ միօրեայ վարժարանին՝ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցին, տնօրէնն է, ուր կը սորվին 350-է աւելի աշակերտ։
Ան ներկայացուց 2026-27 ուսումնական տարուան ծրագիրը եւ տեղեկացուց, որ Օգոստոս 8-ին պիտի կազմակերպուի ուսուցիչներու վերապատրաստման յատուկ դասընթացք՝ լեզուաբաններու, գրականագէտներու եւ ազգագրագէտներու մասնակցութեամբ։
Յովհաննէս սարկաւագ ընդգծեց նաեւ, որ թեմի բոլոր շաբաթօրեայ դպրոցները կը հետեւին միասնական կրթական չափանիշներու։ Անոնք կը սկսին եւ կը աւարտեն ուսումնական տարին նոյն թուականներով, կը գործածեն առաջնորդարանի հրատարակած դասագիրքերը եւ կը գործեն միասնական ուսումնական ծրագրով։
Բացի այդ, դպրոցները կ՛ենթարկուին WASC կոչուած միջազգային կրթական կազմակերպութեան որակաւորման չափանիշներուն։
Դպրոցը՝ ազգային առաքելութիւն
Ժողովի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արեւմտեան թեմի բարեխրատ առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ․ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրտէրեանը։
Շաբաթօրեայ դպրոցները առաջնորդ հօր տեսլականի ծնունդն են եւ անոր համար կը մնան սիրելի եւ հոգատար ուշադրութեան արժանի կրթական կառոյցներ։
Առաջնորդն ընդգծեց. «Հայկական դպրոցը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլոր հայ աշակերտներուն։ Դասարաններուն մէջ անհրաժեշտ է կիրառել ժամանակակից մեթոտաբանական մօտեցումներ, որպէսզի աշակերտը սիրով գայ դպրոց։ Շաբաթօրեայ վարժարաններն իրենց առաքելութեամբ եւ կրթական որակով չեն զիջիր ամենօրեայ հայկական դպրոցներուն»։
Ան նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ դպրոցներուն մէջ կամաւորաբար ծառայող 15-20 տարեկան երիտասարդներուն՝ ընդգծելով, որ անոնց մէջէն պիտի ձեւաւորուին ապագայի ուսուցիչները։
Նոր հրատարակութիւններ
Ժողովի ընթացքին առաջնորդը նաեւ աւետեց նոր գիրքերու հրատարակութիւնը։
Առաջնորդարանը կը պատրաստուի լոյս ընծայել.
- «Աստուածաշնչական պատմութիւններ» — 4 հատոր
- «Արեւմտեան թեմի պատմութիւնը» — 3 հատոր
Առաջնորդարանն արդէն իսկ հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր։
Ժողովն աւարտեցաւ կառուցողական քննարկումներով, առաջարկներով , գաղափարներու փոխանակութեամբ եւ պահպանիչ աղօթքով։
Նորայր Տատուրեան




















































