ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲԵՑ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին։ Պատարագեց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրապետական իր պատգամը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը: Անոր առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան:
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին Սուրբ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ներկայ թէ անցեալի նախարարներ ու պետական երեսփոխաններ, Կաթողիկոսութեանս Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքային ու քաղաքական դէմքեր:
Կարդացեք նաև
Վեհափառ Հայրապետի պատգամին առանցքն էր Քրիստոսի «մի՛ Վախնաք» կոչ-յորդորը. «մի՛ վախնաք, այլ հաւատացէք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը» (հմմտ. 28.20)»: Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոս Իր աշակերտներուն խրախուսեց չվախնալ եւ խոստացաւ վերադառնալ աշխարհ։ Հայրապետը աւելցուց, որ չկայ կրօնքի հիմնադիր կամ առաքեալ, որ նման խոստում տուած է իր հետեւորդներուն: Առ այդ, քրիստոնէութիւնը միակ կրօնքն է, որ ո՛չ միայն երկրորդ գալուստի սպասումով կ՚ապրի, այլեւ կը հաւատայ, որ Յարուցեալ Քրիստոս Իր հօտին հետ է մինչեւ աշխարհի վախճանը: Նորին Սրբութիւնը շարունակեց՝ յիշեցնելով հաւատացեալներուն, որ Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. ուստի, ուր որ հաւաքուած են հաւտացեալները՝ հոն Քրիստոս ներկայ է։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի ներկայ անորոշ եւ դժնդակ պայմաններուն մէջ Քրիստոս մեզի հետ է՝ այս Սուրբ Յարութեան տօնին մանաւանդ. ուստի, ան վերաշեշտեց ոչ միայն Քրիստոսի զօրութեամբ պարուրուած չվախնալ, այլ նաեւ հաւատալ. «ուր հաւատք կայ, հոն ինքնավստահութիւն կայ, հոն հզօրութիւն կայ, հաւատարմութիւն կայ: Այսօր, Սուրբ Յարութեան տօնին, Քրիստոսի ներկայութեամբ մենք կը վերանորոգենք մեր քրիստոնէական հաւատքը: Մենք կոչուած ենք վերանորոգելու քրիստոնէական կեանքին միախառնուած մեր ազգային արժէքները, ապրումները, իտէալները»։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «այսօր, ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքը տագնապալից ու անոնրոշ օրեր կ՚ապրի եւ, բնականաբար, տագնապի մէջ են միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր համայնքները: Պատերազմը աւեր կը գործէ տարածաշրջանէն ներս՝ մարդկային, նիւթական թէ տնտեսական: Հայ համայնքները բնականօրէն ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն: Մեր համայնքներուն անվտանգութիւնը մեզի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Մենք խորապէս մտահոգ ենք այս կացութեամբ եւ մօտէն կը հետեւիքն շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Այս առումով մնայուն կապի մէջ ենք մեր կրօնական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Եւ, ուստի, կը վստահեցնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Սփիւռքի հոգեւոր կեդրոնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր Միաբանութեամբ, կեդրոնական վարչութեամբ եւ յարակից մարմիններով ձեզի հետ է: Ուր Տագնապ կայ, ծառայութեան կարիք կայ՝ Անթիլիասը միշտ եղած է հոն, որովհետեւ Անթիլիասը պատերէն անդին, վայրէն անդին՝ ծառայութի՛ւն է՝ մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու տագնապներուն հետ նոյնացող: Հետեւաբար, այսօր մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր ցնծութեան օր է, հոգեւոր ինքնավստահութեան օր է, քանի որ Քրիստո՛ս մեզի հետ է», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով ու ընդգծելով, թէ «քրիստոնէութիւնը մուտք գործելով հայոց աշխարհ՝ հայացաւ։ Ան հայութեան հետ շաղախուեցաւ եւ հայկական ինքնութիւնը քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ: Հետեւաբար, կարելի չէ երբէք բաժանման գիծ քաշել ազգային եւ կրօնական մեր ապրումներուն, տագնապներուն, երկունքներուն, արժէքներուն եւ իտէալներւն միջեւ»:
Նշենք, որ պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը Խորանէն ողջունեց աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը՝ աւետելով Քրիստոսի Յարութեան լուրը: Հայրապետը նաեւ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը՝ անոնց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով եւ ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն: Հայրական ջերմ սիրով ողջունեց Կաթողիկոսութեանս թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները՝ մաղթելով, որ անոնց կեանքը լեցուի Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու շունչով:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց զատկական շնորհաւորութիւնները։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































