Աւագ Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, սկիզբ առաւ Սուրբ Յարութեան տօնի Ճրագալոյցի եկեղեցական արարողութիւնը։
Մարգարէական ընթերցուածներէն ետք մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Պատարագեց «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէն Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան Սուրբ Խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սուրբ Օծութեան, որ, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն՝ դպրեվանեցիներուն «Այսօր յարեաւ Փեսայն անմահ» շարականի երգակցութեամբ։
Հուսկ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի տնօրհնէքի արարողութիւնը։
Կարդացեք նաև
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































