Այսօր՝ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ միաժամանակ նախագահն է ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին։
Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանը յուզող այժմէական շարք մը հարցերուն մասին եւ, բնականաբար, ունենալ անոր տեսակէտները:
Նորին Սրբութիւնը նախ խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ կատարուող յարձակումները՝ անմեղ լիբանանցիներուն վրայ, ապա ան շեշտեց առաւել քան մէկ միլիոն գաղթականներուն օգտակար դառնալու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին՝ օժանդակելու Լիբանանին՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մարդասիրական մարզերէն ներս:
Հայրապետը նաեւ ընդգծեց երկրի նախագահին ու կառավարութեան շուրջ բոլորուելու եւ ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը:


















































