Շաբաթ, 11 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ընդունեց լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեանը, Ալպեր Պալապանեանը եւ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը։
Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը՝ շեշտելով զայն աւելի խորացնելու ու ամրապնդելու հրամայականը՝ համասփիւռքեան ու համահայկական տարողութեամբ։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































