Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրաշարժին եւ վերաշխուժացման նուիրուած խորհրդաժողովը

Ապրիլ 12,2026 23:30 Share

Կիրակի, 12 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրաշարժին եւ վերաշխուժացման նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն վերջին նիստերը կեդրոնացան ռազմավարական առաջադրանքներու եւ գործնական քայլերու որդեգրման վրայ։

Խորհրդաժողովի չորրորդ նիստը, զոր վարեց ամերիկահայ հասարակական գործիչ, գործարար եւ կենսավերլուծաբան Տոքթ. Մխիթար Մուրատեան, համախմբեց միջազգային իրաւունքի, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու յառաջատար մասնագէտներ։ Նիստի ընթացքին Ֆրանսայէն մասնակցեցաւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, IODA նախաձեռնութեան ընդհանուր քարտուղար եւ FIDH-ի նախկին քարտուղար Տոքթ. Ռաֆֆի Գալֆայեան, որ անդրադարձաւ իրաւական հարթակներու վրայ հայութեան դատի հետապնդման հնարաւորութիւններուն։

Անոր կողքին, ԱՄՆ-էն փաստաբան եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Գառնիկ Գէրքոնեան ներկայացուց արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, մինչ Պելճիքայէն Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ եւ «Europeans for Artsakh» նախաձեռնութեան հիմնադիր անդամ Գասպար Կարապետեան խօսեցաւ եւրոպական քաղաքական շրջանակներէն ներս տարուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին։ Նիստը եզրափակուեցաւ UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» ամբիոնի վարիչ Փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեանի ելոյթով, որ շեշտեց ինքնութեան եւ մշակութային զօրաշարժի կարեւորութիւնը։

Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստը, որուն ընթացքին նախորդ բոլոր նիստերուն չարծածուած նիւթերն ու ներկայացուած նոր առաջարկները դրուեցան ընդհանուր քննարկման։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի համադրողութեամբ, ժողովականները ձեւակերպեցին խորհրդաժողովի հիմնական եզրահանգումները եւ ճշդեցին յառաջիկայ քայլերուն ուղենիշը, նպատակ ունենալով ստեղծել մնայուն եւ ազդու գործակցութեան դաշտ մը սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու միջեւ։

Յայտնենք նաեւ, որ խորհրդաժողովը հանդէս պիտի գայ աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ։

ՀՅԴ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930