Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Յարգանքով կը թելադրենք Իսրայէլի կառավարութան՝ այս ճանաչումը կարելի եղածին չափ շուտ ներկայացնելու Քնեսեթի հաստատման. Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Հունիս 30,2026 22:11 Share

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտօնական յայտարարութիւն

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՚ողջունէ Իսրայէլի կառավարութեան որոշումը՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի ներկայացուցած առաջարկին հիմամբ։ Այս պատմական քայլը կ՚արտացոլէ ճշմարտութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ պատմական պատասխանատուութեան համամարդկային արժէքներուն հանդէպ յանձնառութիւն։

Աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր, Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը անխոնջ կերպով աշխատած է Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւններուն, Քնեսեթի անդամներուն, պետական պաշտօնատարներուն, ակադեմական շրջանակներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ յառաջ մղելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այս ձեռքբերումը կը խորհրդանշէ երկարամեայ հետեւողական պաշտպանութեան եւ սկզբունքային երկխօսութեան յաջող պսակումը։

Մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք վերջին քառասուն տարիներուն իրենց նպաստը բերած են այս արդար դատին։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պետական պաշտօնատարներուն, Քնեսեթի անդամներուն, դիւանագէտներուն, գիտնականներուն, համայնքային ղեկավարներուն, կազմակերպութիւններուն եւ անթիւ անհատներու, որոնց նուիրուածութիւնն ու աջակցութիւնը ճանապարհ հարթեցին դէպի այս նշանակալի հանգրուանը։

Թէեւ այսօրուան որոշումը կարեւոր յառաջընթաց կը ներկայացնէ, գործընթացը տակաւին ամբողջացած չէ։

Յարգանքով կը թելադրենք Իսրայէլի կառավարութան՝ այս ճանաչումը կարելի եղածին չափ շուտ ներկայացնելու Քնեսեթի հաստատման, այդպիսով վերահաստատելով Իսրայէլի յանձնառութիւնը պատմական ճշմարտութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նկատմամբ։

Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն արդարութեան դրսեւորում մըն է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, այլ նաեւ վերահաստատումն է ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը յարգելու, ժխտողականութեան դէմ պայքարելու եւ նման յանցագործութիւններու երբեք չկրկնուիլը ապահովելու համամարդկային պատասխանատուութեան։

 

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հունիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930