Այսօր՝ Ուրբաթ, 3 Յուլիս 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կուսակցութեան կեդրոնական եւ Լիբանանի շրջանային վարչութեան անդամները։
Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը դարձան, բնականաբար, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին առնչուած խնդիրներն ու մտահոգութիւնները։
Շեշտուեցաւ Սփիւռքը Հայաստանի ներքին հարցերէն հեռու պահելու եւ Վեհափառ Հայրապետին շուրջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ սկսած խորհրդակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադարձ կատարուելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գծով տարուող աշխատանքին, ան պարզապէս նկատուեցաւ «խաղաքարտ»՝ քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական հաշիւներէ մեկնած։


















































