Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ՖԲ էջից.
Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի միջեւ։
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ լիբանանեան ծագում ունեցող եւ Լիբանանի հարցերուն մօտէն ծանօթ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ ուղղակի կապ ունեցող ու անոր բարեկամ դեսպան մը ունենալը մեծ առաւելութիւն է Լիբանանի համար, եւ, հետեւաբար, սպասելի է, որ Լիբանանը առաւելագոյն չափով օգտուի ներկայ դեսպանին դիւանագիտական ծառայութենէն։
Կարդացեք նաև



















































