Նիւ Եորքի համալսարանի լիաժամ ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարան այցելու դասախօս, «Սեւ Կարապ» աշխարհահռչակ վէպի լիբանանցի-ամերիկացի հեղինակ դոկտ. Նասիմ Նիքոլա Թալեպ «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ մերժած է Ազրպէյճանի մէջ դասախօսութիւն տալու հրաւէրը, հակառակ կազմակերպիչներու իրենց առաջարկը զգալիօրէն մեծցնելուն:
«Ինծմէ խնդրեցին Ազրպէյճան երթալ` դասախօսութեան: Ես մերժեցի. անոնք զգալիօրէն բարձրացուցին իրենց առաջարկը` չհասկնալով իմ բարոյագիտութիւնս, կարծելով, թէ ատիկա տարբերութիւն պիտի ընէ: Ես Ազրպէյճան ոտք պիտի չդնեմ, քանի դեռ Ռուբէն Վարդանեանը այնտեղ բանտի մէջ է», գրեց Թալեպ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթով Նասիմ Նիքոլա Թալեպին յղեց հետեւեալ նամակը.
«Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խորապէս կը գնահատէ Ձեր սկզբունքային որոշումը` մերժելու Ազրպէյճանի մէջ դասախօսութիւն տալու հրաւէրը, հակառակ այն հանգամանքին, որ կազմակերպիչները բազմիցս փորձեցին Ձեզ համոզել` զգալիօրէն բարձրացնելով իրենց ֆինանսական առաջարկը:
Կարդացեք նաև
«Յայտարարելով, որ ոչ մէկ գումար կրնայ գերազանցել Ձեր բարոյական համոզումները, եւ հաստատելով, որ ոտք չէք դներ Ազրպէյճան, քանի դեռ հայ բարերար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանը անարդարօրէն կը մնայ բանտարկուած, Դուք ցուցաբերեցիք բացառիկ բարոյական արիութիւն եւ անսակարկ ազնուութիւն:
«Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հիմնարար մարդկային իրաւունքներն ու արդարութիւնը կը շարունակեն ենթարկուիլ լուրջ մարտահրաւէրներու, Ձեր այս յստակ եւ աներեր կեցուածքը հզօր յիշեցում մըն է, որ բարոյական սկզբունքները երբեք պէտք չէ զոհաբերուին անձնական կամ նիւթական շահերու դիմաց: Ձեր որոշումը կը վկայէ մարդկային արժանապատուութեան եւ համամարդկային արժէքներու հանդէպ այնպիսի նուիրուածութեան մասին, որ արժանի է յարգանքի եւ հիացումի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատան արդարութեան:
«Քանի դեռ հայ պատանդները անարդարօրէն կը շարունակեն պահուիլ Պաքուի մէջ, կը յուսանք, որ Ձեր օրինակը պիտի ներշնչէ աշխարհի այլ մտաւորականները, ակադեմականները եւ հանրային գործիչները` հաւատարիմ մնալու նոյն սկզբունքներուն եւ իրենց ձայնը բարձրացնելու` ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներուն եւ արդարութեան:
«Ձեզ կը մաղթենք շարունակական յաջողութիւններ Ձեր գիտական եւ մտաւորական գործունէութեան մէջ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ ապացուցեցիք, թէ խիղճն ու ազնուութիւնը կը մնան հանրային կեանքի գերագոյն արժէքները»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին


















































